Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

 Յուշերու Պատումով ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՄԱՆԿԱԳԻՐ, ԼՐԱԳՐՈՂ ՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉ՝ ԱԼԻԾ ՃԵՊԵՃԵԱՆ-ԱՂՊԱՊԵԱՆԻ ՑԱՒԱԼԻ ՇԻՋՈՒՄԸ

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

May 31, 2025
in Յօդուածներ
0
 Յուշերու Պատումով  ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՄԱՆԿԱԳԻՐ, ԼՐԱԳՐՈՂ ՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉ՝  ԱԼԻԾ ՃԵՊԵՃԵԱՆ-ԱՂՊԱՊԵԱՆԻ ՑԱՒԱԼԻ ՇԻՋՈՒՄԸ

24 Օգոստոս 1964։

Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր խռնուած էր լիբանանահայ բազմութիւն մը, որ եկած էր ճամբու դնելու ու հրաժեշտ տալու իր զաւակներուն ու հարազատներուն, որոնք Հայրենիք պիտի մեկնէին, իրենց համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու։

Համապատկերը թէ՛ յուզիչ էր, թէ՛ ոգեւորիչ, ուր կը տիրէր հայրենասիրական ու հայաստանապաշտական իւրայատուկ մթնոլորտ, մանաւանդ որ մեկնող թեկնածուները հայրենիքի մէջ պիտի շարունակէին իրենց ուսումը ու ստանային համապատասխան մասնագիտական վկայականներ, իսկ աւելի հպարտացնողը՝ անոնք առաջին անգամ ըլլալով ոտք պիտի դնէին հայրենի հողին վրայ, տեսնէին ու վայելէին, ապրէին ու ծանօթանային հայրենիքի ջերմութեան ու գրաւչութեան, որուն համար ալ անհամբեր էին եւ ակնդէտ սպասումի մէջ։

«Արմենիա» զբօսանաւը կը սպասէր նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի զանոնք փոխադրէ իրենց կեցութեան երկիր՝ Հայաստանը, Միջերկրական ու Սեւ ծովերը հատելով, հանդիպելով Սուրիոյ, Կիպրոսի, Թուրքիոյ, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Պուլկարիոյ ու Ռումանիոյ նաւահանգիստները, հանգրուանելու համար Օտեսա, ուրկէ շոգեկառքով անոնք պիտի մեկնէին իրենց իջեւանելիք հայրենական օճախները (հանրակացարանները)։

Առ այդ, մինչ զբօսանաւին նուագախումբը իր շինիչ ու խանդավառող երաժշտութեամբ կը բարձրացնէր բոլորին տրամադրութիւնները ու հրաժեշտի պահուն զգացականութիւնը, ի տես ողջագուրումներուն, ողջերթներուն ու մաղթանքներուն, հետաքրքրական էր ամբողջ տեսարանին ակնդիր դառնալ, որ աննախընթաց էր ու խորապէս տպաւորիչ։

Անմիջապէս ըսեմ, որ ուսանողներուն մեծ մասը (աւելի քան յիսուն հոգի, իրար «անծանօթ» էին, եթէ չհաշուենք կարգ մը հատուկենտ պարագաներ)։

Անշուշտ, ինչպէս բոլոր ծնողները, նաեւ իմ ծնողքս՝ Յովհաննէս եւ Մարի Աղպաշեաները, հոն կը գտնուէին, երբ ուշադրութիւնս գրաւեց, որ հայրս մտերմիկ խօսակցութիւն մը կ’ունենար մէկու մը հետ, որուն յաջորդեց զիս իր մօտ կանչելը ու ծանօթացնելը.

– Ասիկա իմ լաւ բարեկամս է, հայրենասէր, առողջ գաղափարական, արուեստագէտ ու գործարար պրն. Վահէ Ճեպեճեանը, իսկ իր կողքին կանգնածը իր դուստրն է, որ նոյնպէս Հայաստան կը մեկնի՝ ուսանելու, ուրեմն բարեկամացէք ու ձեր ընկերութիւնը հոն ալ շարունակեցէք։ Անունը Ալիծ է, ըսաւ ան։

Ալիծը շէկ, կապուտաչեայ ու դեղնորակ, գրաւիչ պարմանուհի մըն էր եւ առաջին իսկ հայեացքով եւ, յետ խօսակցութեան, արդէն պարզուեցաւ, որ մտաւորական խառնուածքով ու հետաքրքրութեամբ համակուած մըն էր, իր բարձրագոյն ուսման համար ընտրելով գրականութեան ու բանասիրութեան ճիւղը, Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։

Ես ալ իմ նախասիրութիւններս պարզեցի, դիտել տալով, թէ պիտի մասնագիտանամ հայոց լեզուի ու գրականութեան բանասիրական ոլորտին մէջ, ապա յիշեցնելով, որ եթէ ինք յաճախած եւ աւարտած է Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը (Էշրեֆիէ), ես ալ յաճախած եմ եւ աւարտած Հայ Աւետարանական Քոլէճը (քաղաքի), այնպէս որ թէ՛ անցեալի, թէ՛ ներկայի, թէ՛ ապագայի գծով համարեա նոյն ընտրանքներուն կը միտինք, այն յոյսով եւ ակնկալութեամբ, որ «հայ աշխարհ»ն է մեր նպատակակէտը, իր ազգային-կրթական, մշակութային-բանասիրական ուղղութիւններով, ծառայութիւններով ու հեռանկարներով։

***

Մեր այս ծանօթութիւնը, բնական է, հետագային եւս ունեցաւ իր շարունակութիւնը, տրուած ըլլալով որ նոյն հանրակացարանի բնակիչներ էինք ու նոյն համալսարանի ուսանողներ, թէեւ, աւելի ուշ, Ալիծը այլուր փոխադրուեցաւ, նաեւ հայրենի արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու շրջանակի մը մէջ յայտնուեցաւ, սակայն մեր հանդիպումները, անակնկալ թէ սփիւռքահայ ուսանողներու ծիրէն ներս, միշտ սիրալիր եւ անկեղծ մնացին։

Մեր շրջանաւարտութենէն ետք, Լիբանանի մէջ առիթներ կը ստեղծուէին զիրար տեսնելու ու զրուցելու, յատկապէս երբ պատեհութիւններ ստեղծուեցան երէց ու վաստակաւոր մտաւորականներու, գրողներու ու խմբագիրներու հետ ունենայինք գրական հանդիպումներու, հարցազրոյցներու, որոնք մեզի համար, խումբ մը բանասէրներուս, իսկապէս շահեկան էին, օգտաշատ եւ ուսանելի։

Չարաբաստիկ լիբանանեան քաղաքացիական կռիւները, ինչպէս ամէն ինչ, տակնուվրայ ըրին նաեւ մտերմութիւններն ու բարեկամութիւնները, ընկերակիցներն ու համախոհները, մերթ գաղթով, մերթ ընդհատումներով, մերթ ալ անակնկալ մահերով։

***

Եղաւ շրջան մը, երբ Ալիծին «հետք»ը կորսուեցաւ, մինչեւ որ իր մերձաւորներէն եւ երբեմնի ծանօթներէն իմացայ, որ փոխադրուած ու կայք հաստատած է Ամերիկայի մէջ (Լոս Անճելըս), ընտանիք կազմած ու հետզհետէ կը նախապատրաստուի գրիչով, միտքով ու մանկագրութեամբ շարունակելու իր մասնագիտութիւնը։

Այդպէս ալ ըրաւ ու փայլուն յաջողութիւն ձեռք ձգեց, մանկագրութիւնը իր կոչումը դարձնելով ու հետզհետէ ազնիւ եւ որոնելի անուն մը դառնալով, քիչ մը ամէն տեղ։

Իր այս գնահատելի տարերքին մէջ, փոխանակ բախտը ժպտայ, ուժ ու կորով տայ իրեն, դժբախտաբար, մութ ամպեր կուտակուեցան գլխուն, նախ՝ անկողնոյ ծառայեց, ապա, աւելի վատթարանալով, լրիւ անշարժացաւ եւ ասկէ շուրջ քառասուն օր առաջ, ակամայ հոգին աւանդեց, երկնային արքայութեան արժանանալով։

Անտարակոյս, եթէ կեանքը իրեն շնորհած ըլլար յաւելեալ ապրումի ժամանակ, Ալիծը ոչ միայն պիտի շարունակէր իր մանկագրական եւ այլ տիպի երթերը, այլեւ նորանոր ծրագրերով պիտի հարստացնէր իր գրական ժառանգը եւ վաստակը, սակայն դառնութիւնը եւ դաժանութիւնը անգութ գտնուեցան իր նկատմամբ։

Իր բնաւորութեան ու նկարագիրին յատուկ երանգներով, ան հեզօրէն, լուռօրէն ու զուսպօրէն հեռացաւ իր ընտանիքէն, հարազատներէն ու զինք սիրողներէն, լաւ յիշատակներ ձգելով իր ետին։

«Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի»։

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԻՆՉՊԷՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ, ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԸ ԱՅԺՄ ՈՒՆԻ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄԻՆ ԳԻՆԸ 7-14 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ

Next Post

ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄԻՆ ԳԻՆԸ 7-14 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.