Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՆՉՊԷՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ, ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԸ ԱՅԺՄ ՈՒՆԻ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

ՏԻԷԿՕ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ «Ռատիօ ԱՐԱՔՍ»-ի Տնօրէն

May 31, 2025
in Յօդուածներ
0
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ  65-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ուրուկուէյի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպանը ՝ տիկին Սիլվանա Լեսկա Պարոլին, պաշտօնապէս հաւատարմագրուեցաւ եւ սկսաւ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Երեւանի մէջ։

Հաւատարմագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, ուր դեսպան Լեսկան իր նամակները յանձնեց նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին։

Հանդիպման ընթացքին, նախագահ Խաչատուրեան ընդգծեց, որ Հայաստանը եւ Ուրուկուէյը մշտապէս պահպանած են բարեկամական յարաբերութիւններ՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ փոխըմբռնման վրայ։ Ան շեշտեց նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման եւ բազմաճիւղ համագործակցութեան ընդլայնման մեծ ներուժը։

Իր կարգին, դեսպան Լեսկան յայտնեց իր ուրախութիւնը՝ Հայաստանի մէջ սոյն առաքելութիւնը ստանձնելու համար, եւ իր խանդավառութիւնը՝ գործնական մասնակցութիւն բերելու երկու ժողովուրդներու միջեւ կապերու սերտացման եւ ընդլայնման։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տնտեսական յարաբերութիւններու խթանման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ նոր ձեւաչափերու մշակման համագործակցութեան կարեւորութեան։ Յատուկ ընդգծուեցաւ նաեւ տեղեկատուական եւ ստեղծագործական արհեստագիտութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը։

Քննարկուեցաւ Ուրուկուէյի մէջ «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոն մը հիմնելու հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Ուրուկուէյի «Plan Ceibal» ծրագիրի մասնաճիւղի մը հիմնումը։

Հանդիպման օրակարգերուն մաս կազմեց նաեւ 2026 թուականին Երեւանի մէջ նախատեսուած ՄԱԿ-ի կենսաբազմազանութեան գագաթաժողովին (COP-15) առնչուող շարք մը հարցերու քննարկումը։ Երկու կողմերն ալ համաձայնեցան, թէ պէտք է ձեւաւորել համատեղ դիրքորոշումներ եւ ամրապնդել փոխյարաբերական գործակցութիւնը։

Սոյն դիւանագիտական նշանակումը նոր եւ նշանակալի քայլ մըն է՝ նոր հորիզոններ բանալով Ուրուկուէյի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային, արհեստագիտական եւ դիւանագիտական փոխանակումներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Ան կը ներկայացնէ իսկական ձեռքբերում մը երկու բարեկամ ժողովուրդներուն համար։

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ 65-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

 Յուշերու Պատումով ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՄԱՆԿԱԳԻՐ, ԼՐԱԳՐՈՂ ՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉ՝ ԱԼԻԾ ՃԵՊԵՃԵԱՆ-ԱՂՊԱՊԵԱՆԻ ՑԱՒԱԼԻ ՇԻՋՈՒՄԸ

Next Post
 Յուշերու Պատումով  ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՄԱՆԿԱԳԻՐ, ԼՐԱԳՐՈՂ ՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉ՝  ԱԼԻԾ ՃԵՊԵՃԵԱՆ-ԱՂՊԱՊԵԱՆԻ ՑԱՒԱԼԻ ՇԻՋՈՒՄԸ

 Յուշերու Պատումով ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՄԱՆԿԱԳԻՐ, ԼՐԱԳՐՈՂ ՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉ՝ ԱԼԻԾ ՃԵՊԵՃԵԱՆ-ԱՂՊԱՊԵԱՆԻ ՑԱՒԱԼԻ ՇԻՋՈՒՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.