Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ 65-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՆԱՀԻՏ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

May 31, 2025
in Յօդուածներ
0
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ  65-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ին, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի 65-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ Տըպայէ, Լիբանան։

Ջերմ ընդունելութենէ ետք յայտագիրը սկսաւ ժամը 13։30-ին:

Ներկայ էին Տէր Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ․ Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը՝ Դամասկոսի թեմի Առաջնորդ, Տէր Տաճատ եպիսկոպոս Աշըգեանը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչ, Հայր Մեսրոպ ծ.վ. Թոփալեանը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ, Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեանը՝ Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր, ազնուափայլ տիկին Նարինէ Աթաբէկեանը՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի տիկին, մեծայարգ տիար Սեդրակ Սարգսեանը՝ հիւպատոս Հայաստանի Հանրապետութեան, մեծայարգ տիար Պերճ Աբգարեանը՝ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս, մեծայարգ տոքթ․ Վարուժան Ալթըպարմաքեանը՝ «Քլարա Մարկոսեան» հիմնադրամի տնօրէն։

Համախմբումի ատենադպրուհի Յասմիկ Տեմիրճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, «Էջմիածին» եւ «Հայրապետական Մաղթանք» շարականները ներկայացուց թենոր Ճօնի Կէօքճեան։

Յոտնկայս հետեւեցանք գերաշնորհ Տէր Արմաշ եպս․ Նալպանտեանի ընթերցումին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ․ Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի Գիր Օրհնութեան՝ ուղղուած Համախմբումին։ Ապա, գերաշնորհ Տէր Տաճատ եպս․ Աշըքեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի Գիր Օրհնութիւնը՝ ուղղուած Համախմբումին։

Ատեանպետուհի Անահիտ Տանձիկեան, իր կարգին, ներկայացուց իր «Սրտի խօսք»-ը։ Ապա, ներկաները տեսերիզով հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի 2023-2025-ի գործունէութեան։

«Le Blanc Catering» մատուցեց համադամ ճաշեր, որմէ ետք գերշ․ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան եւ տիկին Անահիտ Տանձիկեան յուշանուէրներով պատուեցին տիար Պերճ Աբգարեանը եւ տոքթ․ Վարուժան Ալթըպարմաքեանը:

Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը եւ վարչութեան անդամներ պարգեւներ նուիրեցին Համախմբումի 65-ամեակի 70 անդամներէն 34-ին, որոնք ներկայ էին տօնակատարութեան։ Պարգեւները մատուցուած են Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ։

Փակման խօսքը կատարեց Բարձր․ Տէր Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը: Ան անդրադարձաւ թէ համախմբումը հիմնադրութենէն ի վեր ջանացած է հայ ժողովուրդին ու Հայ Եկեղեցիին բարօրութեան, եւ յատկապէս թիկունք եւ զօրավիգ կանգնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ Սրբազանը որոշ պատմականը կատարեց երկու կաթողիկոսութիւններու պատմութեան եւ փառք տուաւ Աստուծոյ որ բնական ընթացքի մէջ են մեր եկեղեցիներուն յարաբերութիւնները։ Ան ջերմապէս շնորհաւորեց եւ օրհնեց հին ու նոր անդամուհիները, իրենց անձնուրաց զոհողութիւններն ու նուիրումը, եւ մաղթեց, որ Համախմբումը շարունակէ իր այս հայրենանուէր ու քրիստոնէավայել արարքները յանուն Մայր Աթոռի պայծառութեան եւ զոյգ հայրենիքներու խաղաղ եւ անսասան գոյատեւումին։

 

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

Փիլիսոփայական մտորումներ-25      ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Next Post

ԻՆՉՊԷՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ, ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԸ ԱՅԺՄ ՈՒՆԻ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ  65-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԻՆՉՊԷՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՄԷՋ, ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԸ ԱՅԺՄ ՈՒՆԻ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.