Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Փիլիսոփայական մտորումներ-25      ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

May 31, 2025
in Յօդուածներ
0

 

            Պէտք չէ շփոթել ճշմարիտն ու իրականը (le vrai et le réel)։  Տարբեր բառարաններու մէջ տրուած սահմանումներէն կը հետեւի, թէ ճշմարտութիւնը  (la vérité) երեւոյթի մը կամ գաղափարի մը իրականութեան համապատասխանելու հասկացութիւնն է։  Այլ խօսքով՝  բան մը, երեւոյթ մը, խօսք մը, գաղափար մը աjնքան ճշմարիտ է, որքան որ այն բանը, երեւոյթը, խօսքը կամ գաղափարը  կը համախատասխանէ իրականին կամ իրողութեան։

Ճշմարտութեան եզր-գաղափարը ընդարձակ տարողութիւն ունեցող հասկացութիւն է, որովհետեւ ամէն անձ իր ուրոյն ճշմարտութիւնը ունի մասնաւորաբար ոչ-շօշափելի ոլորտներու ուղղութեամբ, ինչպիսին են արուեստը, փիլիսոփայութիւնը, ընկերային հարցերը, հոգեբանութիւնը  եւ նման վերացական երեւոյթներ։ Ուրեմն երկու գլխաւոր պարագայ խնդրոյ առարկայ է։ Մեր զգայարաններով ընկալուած ճշմարտութիւններ եւ մեր զգայարաններէն դուրս մնացած մտայղացում կամ զգացումներով ընկալուած երեւոյթներ։ Երբ գոյնի մը մասին կը խօսինք ու կ՛ըսենք այս առարկան կարմիր է կամ կանաչ, գիտենք որ ճշմարտութիւնը  լիարժէք կերպով կը համապատասխանէ իրողութեան, քանի որ նոյն առարկան ուրիշ անձի մը կողմէ  նոյն գոյնով կ՛անուանուի կամ կ՛ընկալուի, եթէ ի հարկէ դիտարկող երկու անձերէն մէկը տեսողութեան խանգարում չունի։

Այսուհանդերձ երբ պարագան աղերս ունի  մեր մտային արժեւորում կամ գնահատականներու, ինչպէս նաեւ մեր զգացական ընկալումներուն հետ, արտայայտութիւններն ու արժեւորումները, գաղափարներն ու հաստատումները կը փոխուին մէկ անձէն միւսը, երբեմն հասնելով նոյնիսկ հակասական մօտեցումներու։  Ո՞ւր է ճշմարտութիւնը այս կարգի հակասական գնահատականներու կամ դատողութիւններու միջեւ։  Հոս ենթակային մտային, զգացական ունակութիւնները, կրթութեան մակարդակը, նախասիրութիւնները, խառնուածքը եւ այլ ազդակներ դեր կը խաղան։

Գոյութիւն ունին նաեւ  կրօնական ճշմարտութիւններ։  Մեր բոլորիս ծանօթ են Յիսուսի առակներն ու անոնց ընդմէջէն արտայայտուած պատգամները, որոնք յաճախ կը տարազուին «Ամէն,  ամէն ասեմ ձեզ», այսինքն «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի» եւ կը շարունակուին այլազան կեանքի դրուագներու  խորհրդանշական պատմութիւններով։ Հոս Յիսուսին արտայայտած ճշմարտութիւնները, որոնք իր անձին առաջադրած ճշմարտութիւնները կը ցոլացնեն, ընդունուած են որպէս բացարձակ ճշմարտութիւններ, ընդունուած` համայն քրիստոնեայ հաւատացեալ ժողովուրդներու կողմէ, առանց վիճարկումի, առանց վիճաբանութեան։ Ուրեմն կարգ մը ճշմարտութիւններու ընդունելի ըլլալը կամ ոչ կապ ունի հաւատքի հետ։ Նոյնպէս երախայի մը համար իր ծնողներուն ըսածները գրեթէ բացարձակ ճշմարտութեան բնոյթ կը կրեն, երբ երախան յաճախ կուրօրէն կը հաւատայ իր հօրը եւ մօրը։

Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի ճշմարտութեան արդարութեան հետ ունեցած յարաբերութեան, փիլիսոփայական այս մասնայատուկ ոլորտը բաւական հետաքրքրական է։ «Ամէն ճշմարտութիւն արդա՞ր է»․․․ Եկէք այս բաւական բարդ հարցը թողունք մասնագէտ իմաստասէրներուն։

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՍԴՀԿ ԿԸ ՏՕՆԱԽՄԲԷ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Next Post

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ 65-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ  65-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ 65-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.