Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ ԿԸ ՏՕՆԱԽՄԲԷ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

May 31, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՍԴՀԿ ԿԸ ՏՕՆԱԽՄԲԷ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան առաջադրած եւ զօրակցած թեկնածուներուն յաղթանակը տօնախմբելու, յաղթած թեկնածուները շնորհաւորելու եւ ընտրական հոլովոյթին մասնակցած բազմաթիւ կամաւորներուն շնորհակալութիւն յայտնելու նպատակով, երէկ երեկոյեան Նոր Հաճնոյ մայր պողոտային վրայ կազմակերպուեցաւ տօնախմբութիւն, ներկայութեամբ ընտրուած թեկնածուներ Յովհաննէս Պչաքճեանի, Արմէն Սէֆէրեանի եւ Գարոլին Խաչիկեանի, Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ղէւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի ու անդամներուն, ազգային երեսփոխան Կիրակոս Տօնիկեանի, ՀՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեանի եւ վարչութեան անդամներուն, ՍԴՀԿ մասնաճիւղերու ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան հովանաւորութեամբ գործող միութիւններու եւ կառոյցներու ատենապետներուն եւ ներկայացուցիչներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինի անդամ ընկ. Գէորգ Տաղլեան, որ ողջունեց ներկաները եւ զանոնք ու թեկնածուները շնորհաւորեց ընտրական յաղթանակին համար:

Գեղարուեստական առաջին հատուածով ելոյթ ունեցաւ խոստումնալից երգիչ Նարեկ Նագգաշեան՝ ներկայացնելով շարք մը ազգային երգեր:

Ապա, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինին խօսքը փոխանցեց ընկ. Տիգրան Միհրանեան: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ կուսակցութեան ներկայացուցիչները իրենց ծառայութեամբ պիտի գոհացնեն իրենց թաղամասերուն բնակչութեան կարիքները, շեշտելով որ լիբանանահայութիւնը արժանի է ապրելու արժանապատիւ եւ խաղաղ պայմաններու մէջ: «ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայնտէ իր հաւատաւոր շարքին եւ համակիրներուն, որոնք խիտ շարքերով ներկայացան քուէակեդրոններ եւ իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը ամրապնդեցին եւ իրենց վստահութիւնը ցուցաբերեցին կուսակցութեանս առաջադրած թեկնածուներուն», ըսաւ ան: Ընկ. Միհրանեան ողջունեց ՀՅԴ-ն եւ ՌԱԿ-ը՝ ընտրութիւններուն հայկական գործնական միասնականութիւնը ամրապնդելուն համար՝ յանուն լիբանանահայութեան վերելքին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ միասնական ցանկին մաս կազմող բոլոր քաղաքական ուժերուն, ինչպէս նաեւ ընտրական հոլովոյթին մասնակցած ՍԴՀԿ ընտրական գրասենեակի բոլոր կամաւորներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին հասնելու այս արդիւնքին: Խօսելով 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին, ընկ. Միհրանեան ըսաւ. «Նոյն նուիրումով, նոյն ոգիով պիտի շարունակենք մեր երթը՝ հասնելու մեր նպատակին, որ լիբանանահայութիւնը խորդհրդարանին մէջ ներկայացուի արժանի եւ արդար երեսփոխաններով: Այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ են արժանապատիւ հայու քուէն եւ վստահութիւնը»:

Գեղարուեստական յայտագրի երկրորդ հատուածով ելոյթ ունեցան ընկ. Յովիկ Թաֆրանեանը եւ Հրաչ Տաւուտեանը:

Տօնախմբութիւնը  եզրափակուեցաւ «Ուխտի հրաւէր»-ի միացեալ կատարումով:

Share61Tweet38
Previous Post

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱԾ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

Փիլիսոփայական մտորումներ-25      ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Next Post

Փիլիսոփայական մտորումներ-25      ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.