Ըստ ընտրական վերջնական արդիւնքներուն հիման վրայ Ներքին գործերու եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան, քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ կանանց ներկայութիւնը եղած է 10,37 առ հարիւրի համեմատութեամբ, իսկ թաղապետական խորհուրդներուն մէջ` 16,40 առ հարիւրի: Ինչ կը վերաբերի թաղապետներուն, ապա այդ պաշտօնին ընտրուողներէն միայն 2,42 առ հարիւրը կիներ են: