Զինադադարէն ետք իսրայէլեան ծանրագոյն հարուածներուն շարքին միացան երէկ արեւածագին Պեքաայի հիւսիսային Թարայիա եւ Շմըսթար շրջանները թիրախաւորած վեց հարուածները: Իսրայէլեան բանակը միւս կողմէ յայտարարեց, թէ օդուժին գործողութիւնները կեդրոնացած են Հըզպալլային պատկանող զինուորական դիրքերու եւ ենթակառոյցներու վրայ: Լիբանանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ հարաւային շրջաններու մէջ վերաբացած է իսրայէլեան բանակին հողակոյտերով փակուած շարք մը ճամբաներ եւ բացայայտած է լրտես սարք մը՝ օժտուած ապահովական տեսախցիկներով: Բանակի հրամանատարութիւնը նշեց նաեւ, թէ Սուրիոյ հետ սահմանային գօտիին վրայ շարունակուող աշխատանքներուն ծիրին մէջ, բանակը սահմանային Եահֆուտա գիւղի բարձունքներուն վրայ վերջերս փակած է ապօրինի վեց անցակէտ: Իսկ ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի ժամանէ Պէյրութ՝ քննարկելու համար ապօրինի զէնքին թղթածրարը եւ Իսրայէլի հետ բնականոնացումի հոսանքին միանալու հնարաւորութիւնը:
Նոյն ծիրին մէջ, Հըզպալլա յայտարարեց, թէ կուսակցութեան համակարգումի եւ հաղորդակցութեանց հարցերով պաշտօնատար Ուաֆիք Սաֆա տեսակցած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգող Ժանին Փլասխարթի հետ՝ քննարկելու համար 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը եւ իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւնները: Սաֆա ահազանգած է իսրայէլեան բռնարարքներէն եւ զգուշացուցած, թէ վիճակը յղի է մագլցումի վտանգով, շեշտելով զինադադարի համաձայնութեան յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը՝ վերականգնելու համար կայունութիւնը: