Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Գերագոյն խորհուրդի նոր դատաւորներու երդմնակալութեան արարողութեան ընթացքին յայտնեց, որ փտածութիւնը արմատախիլ ընելու համար Լիբանանի կարիք ունի անաչառ դատաւորներու, որոնք կ’աշխատին հիմնուելով օրէնքին վրայ եւ չեն ենթարկուիր որեւէ ճնշումի կամ սպառնալիքի: Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու քննարկեց երկրին ընդհանուր զարգացումները, Պըրրի բացառիկ որակեց Աունի հետ խորհրդակցութիւնը եւ հաւաստիացուց, թէ ինք կը զօրակցի ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներու առաքելութեան: