Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան տարածաշրջանին մէջ կը զօրակցի պաղեստինեան-իսրայէլեան երկու պետութիւններու համագոյակցութեան միտող լուծումի առաջարկին, պայմանաւ որ խաղաղութեան դիմաց Իսրայէլ հեռանայ բռնագրաւեալ հողերէն: Պատասխանելով Պէյրութ-Թել Աւիւ բնականոնացումի հնարաւորութեան մասին հարցումի մը, Սալամ շեշտեց, որ «յարաբերութիւններու բնականոնացումը անբաժան մասնիկն է ամբողջական եւ մնայուն խաղաղութեան, որուն կը ձգտինք հասնելու նոյնիսկ վաղը եւ ոչ թէ յաջորդ օրը, պայմանաւ որ գործադրուի երկու պետութիւններու լուծումը եւ հաստատուի պաղեստինեան պետութիւն մը»: Սալամ նշեց, որ բանակը Լիթանի գետէն հիւսիս տիրապետած է Հըզպալլայի շուրջ հինգ հարիւր դիրքի, իսկ այժմ աշխատանքը կը շարունակէ հարաւային գօտիին մէջ:
Ամերիկեան CNN-ի ծանօթ հաղորդավար Պէքի Անտըրսընին հետ զրոյցի ընթացքին վարչապետը Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի գործադրէ զինադադարի համաձայնութեան բոլոր կէտերը եւ քաշուի Լիբանանի բռնագրաւեալ հողերէն: Սալամ տեղեկացուց, թէ մշակուած է պաղեստինեան զէնքը յանձնելու ծրագիր մը՝ սկսելով Պէյրութի մերձակայ գաղթակայաններէն: Անդրադառնալով Լիբանանի ներքին հարցերուն, ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը ունի երկու գլխաւոր սկզբունք՝ Լիբանանի ամբողջ տարածքին պետութեան հեղինակութեան ամրապնդումը եւ վարչական ու ելեւմտական վիճակի բարեկարգումը: Վարչապետը բացատրեց, որ Լիբանան քաղաքացիական պատերազմէն ետք կորսնցուցած է շատ առիթներ, իսկ այսօր եւս կայ վերականգնումի առիթ եւ կառավարութիւնը յանձնառու է գործադրելու արմատական բարեփոխումներ, որոնց միջոցաւ անկախ աշխատելու հնարաւորութիւն պիտի տրուի արդարադատական կառոյցին՝ վերջ տալու համար փտածութեան երեւոյթին, որմէ շատ յոգնած են լիբանանցիները: «Յանձնառու մնալով Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին մշակած ծրագրի գործադրութեան, աւանդատէրերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան ստանալու իրենց իրաւունքները, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել մարդոց վստահութիւնը մեր դրամատնային ոլորտին ու ելեւմտական համակարգին նկատմամբ», յայտնեց վարչապետը, արաբներէն խնդրելով աջակցիլ Լիբանանին: Անոր համոզումով, Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւնները կրնան միայն դրական ազդեցութիւն ունենալ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ: Խօսելով Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին, Սալամ նշեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ սուրիացիներու ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձին, աւելցնելով որ այդ հարցը լուծելու համար աշխատանքային ծրագիր մը կը քննարկուի Դամասկոսի իշխանութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող գործակալութեան հետ: