Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

May 29, 2025
in Մշակութային
0
ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

 

Նախագահութեամբ Պէյրութի Պատրիարքական թեմի Օգնական եպիսկոպոս արհիապատիւ Հ. Գրիգոր եպիսկոպոս Պատիշահի, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հրաւէրով, Չորեքշաբթի 28 Մայիսի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Սրբուհի Ագնէս կեդրոնի սրահին մէջ (նախկին Սրբուհի Ագնէս վարժարան) տեղի ունեցաւ «Ճորճ եւ Մարկարէթ Եագուպեան Տարեցներու Տան» եւ «Տիանա եւ Մարտիկ Հերքիւլեան Կրթամշակութային Կեդրոնի» պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան պատուոյ հիւրերն էին՝ արհ. Հ. Գրիգոր եպս. Պատիշահ,

Տ. Ներսէս քահանայ Վասիլեան՝ Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերշ. Շահէ արք. Փանոսեանի ներկայացուցիչ, վեր. Յովհաննէս Սվաճեան՝ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահութեան ներկայացուցիչ, հոգեւոր հայրեր, Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մեծաւորուհի՝ առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան եւ առաքինազարդ քոյրեր, պետական, քաղաքապետական, կուսակցական, կրթական, մամուլի, մշակութային եւ մարզական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։
Ձեռնարկը մեկնարկեց քայլերգներով, որոնց յաջորդեց ողջոյնի խօսք՝ կեդրոնի տնօրէնուհի տիկին Սեւան Կարապետեան-Ադամեանի կողմէ։ Ան կարճ բացատրութիւն տուաւ նորաբաց կեդրոններու առաքելութեան եւ աշխատանքի ծրագրերուն մասին՝ ընդգծելով, որ այս օճախներուն մէջ տարեցները պիտի վայելեն օրհնաբեր միջավայր մը, ուր կրնան մասնակցիլ կրօնական, մշակութային, կրթական եւ առողջապահական գործունէութիւններու։ Իսկ մանուկներն ու պատանիները՝ դասեր սերտելով, խաղալով եւ ստեղծագործելով պիտի զարգացնեն իրենց ներուժը։

Տիկին Ադամեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք «ուժ, սիրտ ու ժամանակ տրամադրեցին» այս նախաձեռնութեան իրականացման համար, մանաւանդ բարերարներուն, որոնց նիւթական աջակցութեամբ հնարաւոր դարձած էր այս ծրագիրը։

Անմոռանալի էր գեղարուեստական բաժինը, ուր տիկին Անի Եփրեմեան հրաշալիօրէն ասմունքեց մայրերուն նուիրուած քերթուածներու համադրութիւն մը։ Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան պարերով ու երգերով՝ ներառելով «Քոչարի» եւ հայկական ու լիբանանեան երգեր։ Ամենահետաքրքրական եւ միաժամանակ ալ յուզիչ մասը 24 տարեցներու կողմէ ներկայացուած գուսան Շահէնի «Զեփիւռ կը դառնամ» երգն էր, որ խլեց ներկաներուն երկարատեւ ծափերը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մեծաւորուհի՝ առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանը, որ օրուան խորհուրդը փոխանցեց։ Ան երախտագիտութեամբ գովեց բարերարներուն նուիրումն ու քոյրերուն անշահախնդիր ջանքը՝ շեշտելով. «Մենք կարիքը ունինք իւրաքանչիւրին, որպէսզի աւելի մեծ թիւով տարեցներու եւ երեխաներու օգտակար դառնանք», աւելցնելով որ «բոլորս ականատես ենք անխուսափելի արտագաղթին, սակայն ունինք տակաւին շօշափելի թիւ մը, որուն պէտք է օգնել իր հայկական ինքնութիւնը պահելու եւ զայն փոխանցելու իր զաւակներուն», ըսաւ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան: Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց եւ ի բացակայութիւն յուշանուէրներով պատուեց բարերարները:

Տարեցներու Տան բարերարները՝ տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Մարկարէթ Եագուպեան, որոնց անհնար եղած էր ներկայ գտնուիլ, իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին վիտէօ ձայնագրութեամբ։

Վերջապէս, արհիապատիւ Գրիգոր եպս. Պատիշահ իր սրտի խօսքով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, բարերարներուն եւ Միաբանութեան նուիրեալ աշխատանքը գնահատեց եւ ըսաւ. «Տարեցները մեր հասարակութեան գանձերն են, իրենց կեանքի փորձով, իմաստութեամբ եւ զոհողութեամբ։ Անոնք քրիստոնէական արժանիքներու կենդանի վկաներն են եւ պէտք է արժանանան պատուի, սիրոյ եւ խնամքի»։

Ձեռնարկը փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ եւ այցելութեամբ զոյգ կեդրոններու տարբեր բաժիններ։

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՓԱՌԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻԻ «ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ 1920-2020» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Next Post

ՍԱԼԱՄ. «ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ Է»

Next Post
ՍԱԼԱՄ. «ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ Է»

ՍԱԼԱՄ. «ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.