Լիբանանի հայ մտաւորական, մշակութային, թատերական շրջանակներու ընտրանին մասնակցեցաւ վաստակաշատ բեմադրիչ, դերասան, թատերագէտ Յարութ Գնդունիի կոթողային «Լիբանանահայ թատրոնը 1920-2020» գիրքի շնորհահանդէսին՝ Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ:
Արդարեւ, 20 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, այս փառաւոր իրադարձութեան որպէս բանախօս, բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի ջերմօրէն ողջունեց այս գիրքին հրատարակումը Համազգային Մշակութային Միութեան կողմէ որպէս պատմական անժխտելի վկայութիւն՝ գաղթակայաններու թիթեղաշէն Սահակեան դահլիճէն դէպի տարբեր լիբանանեան թատերասրահներ եւ յատկապէս Տէր Մելքոնեան դահլիճը, ուր տեղի ունեցած են բազմաթիւ եւ բազմատեսակ թատերական ներկայացումներ:
Ելոյթներ ունեցան, նոյնպէս Մայր Հայրենիքէն շրջանաւարտներ, բեմադրիչ Վաչէ Տօներեան, Օննիկ Գանթարճեան, Սուրէն Խտըշեան եւ Յովհաննէս Հելվաճեան, մեծապէս գնահատելով Յարութ Գնդունիի՝ Լիբանանի հայ թատերական կեանքին մէջ խաղացած պատմական դերը եւ մանաւանդ այս եզակի աշխատութիւնը, որուն պատրաստման համար հինգ երկար տարիներ պէտք եղած են, առաւել՝ տասնամեակներ շարունակ արխիւներու հաւաքման, պահմանման եւ դասաւորման դժուարին առաքելութիւնը Լիբանանի քաղաքական թէ պատերազմական փոթորկալից տարիներուն մէջ…:
Աւարտին, շնորհակալութեամբ հանդէս եկաւ գիրքին հեղինակը՝ Յարութիւն Գնդունի, յայտնելով թէ կը պատրաստէ իր յուշերու հաւաքածոն, իր թատերական կեանքին ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն եւ համատեղ թատերական գործունէութեան՝ Լիբանանի թէ Մայր հայրենիքի հայ մեծագոյն դերասաններուն եւ բեմադրիչներուն հետ: Գնդունի, ինչպէս ելոյթ ունեցող բոլոր մասնակիցները, կոչ ըրաւ միաբանուելու եւ համագործակցելու՝ հայ թատրոնը կենդանի պահելու եւ նորանոր նուաճումներու համար: