Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԿԱՐԿԱՉ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՅՈՅՍԻ ՁԱՅՆԵՐԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

May 29, 2025
in Մշակութային
0
«ԿԱՐԿԱՉ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՅՈՅՍԻ ՁԱՅՆԵՐԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

 


Շաբաթ, 24 Մայիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ յարկին տակ կայացաւ մշակութային անմոռանալի ձեռնարկ մը՝ «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի գարնանային համերգը, որ կը կրէր «Յոյսի ձայներ» խորագիրը։

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ, իսկ օրուան նախագահն էր նախկին նախարար տիար Վրէժ Սապունճեանը։

Տիկին Միրա Եարտըմեան ջերմ խօսքերով իր ելոյթին մէջ շեշտեց երգարուեստի դաստիարակչական ու ազգապահպանման առաքելութիւնը։

Երգչախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է լիբանանահայ սոփրանօ՝ տիկին Շողիկ Թորոսեան, որ իր մասնագիտական գիտելիքները ստացած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ՝ հետեւելով ձայնամարզութեան եւ երգարուեստի մարզումներուն։ Թորոսեանի անունը 2019-ին արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետության Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Հայկական Հանրագիտարան»ի մէջ՝ իբրեւ ճանչցուած սոփրանօ եւ մանկապատանեկան երգարուեստի նուիրեալ մշակ։ 2022 թուականէն ի վեր, ան կը զբաղեցնէ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը, առաջնորդելով խումբը դէպի նուաճումներ՝ ինչպէս՝ Սուրբ Ծննդեան համերգներ «Beirut Chants» փառատօնին եւ Ժպէյլի AUT համալսարանի մէջ։ Թորոսեան միեւնոյն ժամանակ ձայնամարզութիւն եւ սոլֆեժ կը դասաւանդէ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ։

Երեկոյի երաժշտական յայտագիրը հարուստ էր։ Դաշնամուրի նուագակցութեամբ հանդէս եկաւ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Վերոնա Ռուսիալեան, իսկ խումբը ներկայացուց 13 ստեղծագործութիւններ կամ մշակումներ Կոմիտասէն, Գեղունի Չթճեանէն, Տիգրան Մանսուրեանէն, Բարսեղ Կանաչեանէն, Քրիստափոր Կարա-Մուրզայէն, Մելիք Մաւիսագալեանէն, Ստեփան Շաքարեանէն, Արմէնուհի Կարապետեանէն, Ռիչըրտ Ռոճըրզէն եւ Մարիա Փալազեանէն։

Խումբին հիմնադիրը՝ երաժիշտ, հաւատքի ու տեսլականով արուեստագէտ մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեան, նոյնպէս այս համերգին ընթացքին նուագակցեցաւ շուիով, հանդիսականները փոխադրելով խոր զգացողութիւններու միջավայրի մը մէջ։

Այս ձեռնարկը յատուկ արժեւորում կը ստանայ այն իրողութենէն, որ Լիբանանի մէջ այս պահուն այլ մանկապատանեկան երգչախումբ գոյութիւն չունի, եւ «Կարկաչ»-ի նման վաստակած խումբի գոյութիւնը կարեւոր մշակութային պատուհան մըն է երիտասարդ սերունդի ազգային ու գեղարուեստական կրթութեան համար։

Երգերու յաջորդականութիւնը հեզասահ էր, եւ պատանիները արհեստավարժ հսկողութեամբ եւ արտայայտչական շարժումներով կատարեցին ոճային տարողութեամբ տարբեր ստեղծագործութիւններ:

Հաճելի էին խումբին բեմային շարժումները, ուղղուած աջ եւ ձախ՝ ըստ երաժշտութեան բովանդակութեան ու շունչին։ Երեխաները միայն երգողներ չէին, այլ նաեւ բեմի վրայ կենդանի պատմութիւն կը պատմէին։

Այսպէս, «Կարկաչ»ը դարձեալ յաջողութեամբ հաստատեց իր ներկայութիւնը իբրեւ լիբանանահայ մշակութային կեանքի լուսաւոր եւ յոյս ներշնչող ձայն մը։

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԱՐԹՆՑԱ՛Ւ ԱՌԻՒԾԸ, ԹՈՂԱ՛Ց ՈՒ ԴՂՐԴԱ՛Ց ԱՇԽԱՐՀԸ

Next Post

ՓԱՌԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻԻ «ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ 1920-2020» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Next Post
ՓԱՌԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻԻ «ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ 1920-2020» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

ՓԱՌԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻԻ «ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ 1920-2020» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.