«Եթէ Չինաստանի առիւծը արթննայ, աշխարհը կը թողայ ու կը դղրդայ»:
Իմ խօսքերս չեն, այլ՝ Ֆրանսական յեղափոխութեան տիտաններէն եւ Ֆրանսայի առաջին կայսր Նափոլէոն Պոնափարթին: Աւելի քան երկու հարիւր տարի առաջ, անկրկնելի ղեկավարը ոչ միայն կռահած էր, այլ նաեւ կտրուկ կերպով գիտցած:
Cow Boy-ի մտայնութեամբ, պոռոտախօս են ամերիկացիք: Այնպէս ինչպէս Cow Boy մը (իրենց իսկ պատրաստած ֆիլմերէն դատելով) ամէնէն մօտիկ բարեկամը կրնայ սպաննել ու sorry մը ըսելով հեռանալ, երբ ամերիկացիներուն շահը պահանջէ, կը մոռնան անցեալի բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը, sorry մը (չ)ըսելով, կռնակ կը դարձնեն ու կը հեռանան:
Նենգ, դաւադիր ու «տակից գործող» են անգլիացիք:
Ոչ ա՛յս, ոչ ա՛յն: Լռելեայն, մրջիւնի պէս ԱՇԽԱՏՈ՛Ղ են չինացիք:
Համաշխարհային բոլո՛ր տագնապներուն ետին՝ Անգլիոյ (եւ իր դրամատուներուն) ՄԱՏԸ՛ փնտռեցէք: Ամբաստանութիւն չէ՛ ըրածս, պատմութիւնը վկայ:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմ՝ Օսմանեան կայսրութեան քայքայում՝ Անգլիա:
Երկրո՞րդը… Գերմանիան տնտեսապէս եւ ֆինանսապէս ճզմուած ըլլալով, ստիպուեցաւ պատերազմին կայծը տալ: Մէկ տոլարի փոխարժէքը 4 Reich Mark-էն Հինգ Միլիառ մարքի հասցնո՞ղը՝ Անգլիա:
Միջին Արեւելք. Պաղեստին, Իսրայէլ, Կիպրոս:
Հնդկաստան – Փաքիստան:
Խորհրդային միութիւն – Արեւմուտք – Պաղ պատերազմ եւ այլն, բոլորն ալ դարձեալ նոյն ինքն՝ Անգլիա: Ցանկը երկա՜ր է:
Այդ բոլ՜որ-բոլորէ՛ն միայն Չինաստանն է, որ կրցա՛ւ ձերբազատուիլ: Միւսները, բոլորն ալ, մինչեւ այսօր կը շարունակեն տապլտկիլ կամ այրի՛լ: («Ճըզըր- ճըզըր» այրիլ պիտի ըսէր պուրճհամուտցի դրացիս):
Երկու դար առաջ, անգլիական տիրապետութեան տակ եղող Հնդկաստանէն մաքսանենգեր թմրամոլութիւնը տարածած էին դրացի Չինաստանէն ներս: Զոհ դարձած էր ժողովուրդին տասը առ հարիւրը՝ 40 միլիոն մարդ:
Երբ չինական կառավարութիւնը ուզեց դադրեցնել եղած դաւադրութիւնն ու չարաշահութիւնը, Անգլիա 1839-ին պատերազմ հռչակեց: Պատմութեան մէջ ծանօթ է որպէս OPIUM WAR 1: Երկրորդը՝ 1850-ին: Պարտուեցաւ Չինաստանը, տուգանեցին զինք: Ֆինանսականին կողքին, Անգլիա որպէս աւար վերցուց եւ տիրացաւ շարք մը չինական նաւահանգիստներու, Հոնկ Քոնկը ներառեալ:
Խորհրդային – Սովետական միութեան մէջ, միապետական եւ ՄԻԱ՛Յն պետական էր կառոյցը: Թաւագլոր փուլ եկաւ:
Արեւմուտքի մէջ, դրամատիրական, անհատական նախաձեռնութիւն է: Արմատապէս խարխուլ եւ մտահոգիչ վիճակ մը ունի եւ պատէ-պատ կը զարնուի այսօր:
Համայնավար-ընկերվարական Չինաստանը կրցած է միախառնել երկուքը: Պետութիւնը ներկա՛յ է միայն այնտեղ ուր անհատական նախաձեռնութիւնը կը բացակայի: Վերջին խօսքը միշտ ու միշտ պետութեան վերապահուած է անշուշտ:
Դաւիթի եւ Գողիաթի նման անհամեմատ մե՜ծ էր տարբերութիւնը՝ Սովետական միութեան եւ Ամերիկայի տնտեսութեան միջեւ: Չինաստանի պարագային՝ Ո՛Չ: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ամերիկեան տնտեսութիւնը ունի իսկակա՛ն մրցակից մը՝ Չինաստանը:
Առ առաւել, BRICS-ի երկիրները, իրենց սերտ գործակցութեամբ, գերազանցած են Արեւմուտքի G7-ը: Առաջինը՝ աշխարհի բնակչութեան աւելի քան կէսը, իսկ եկամուտին (GDP) 31 %-ը: G7-ը հազիւ 10%-ը բնակիչներուն եւ ելեւմուտքին (GDP) 27 %-ը միայն:
Դեղին ցեղին զաւակները լռի՛կ մունջիկ աշխատեցան տի՛ւ եւ գիշեր, գերազանցեցին եւ պարտադրեցին իրենք զիրենք տնտեսապէս, զինուորապէս, ճարտարարուեստով, նորարարութիւններով եւ մասամբ նորին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները իր երկրորդ մեծագոյն պարտքը Չինաստանին կը պարտի: Առաջինը կու գայ Ճափոնը, չնչի՛ն տարբերութեամբ:
Հայորդի պարոն Գէորգ Շ. Միջին Արեւելք ներկայացուցիչն է Զուիցերիական SUELZER հիւսուածեղէնի մեքենաներուն: Պետական ֆինանսաւորումով, երեք հազար մեքենաներու գործարան մը հիմնած էր Պաղտատի մէջ: Չորս հազար չինացիներ, առանց օրապահիկի, ՁՐԻԱԲԱՐ կ’աշխատէին գործարանին մէջ: Սատտամ Հիւսէյնի կառավարութիւնը ապահոված էր իրենց կեցութիւնն ու սնունդը միայն:
Սատտամը գնաց անդի՛ աշխարհ: Վերոյիշեալ գործարանին մեքենաները իրենց մասնագիտացած եւ փորձառու վարպետներով փոխադրուեցան Չինաստան:
Թէ ե՛կ Զուիցերիա եւ մրցիր քու իսկ մեքենաներուդ արտադրութեան հետ: Զուիցերիացիի մը միջին եկամուտը 100 հազար տոլար է: Չինաստանի մէ՞ջ… մի՛ հարցնէք թէ քանի հարիւր անգամ նուազ:
Հիւանդանոցային սարքեր վաճառող միութենական ընկեր մը մեզ ծանօթացուց գերարդիական (ultra-modern) չինական հիւանդանոց մը: Ընդունելութեան պաշտօնեաներէն մինչեւ գործողութեան «բժիշկները» ռոպոթներ էին: Արձանագրուած սխալները՝ 0 %: Այսինքն ոչ մէկ սխալ:
Վերջերս վկաները եղանք Հնդկաստան-Փաքիստան ընդհարումներուն: Չինական ռատարները եօթը երկվայրկեանի մէջ չէզոքացուցած ու վար առած էին Արեւմուտքի հպարտութիւնը եղող գերարդիական պատերազմիկ օդանաւերը:
Բարձրաձայն մտածելով հարց տանք մենք մեզի:
– Ծանր տուգանքներէն դուրս գալէ Հոնկ Քոնկը վերստանձնելէ ետք օրէ օր բարգաւաճող,
– Վերջին կէս դարուն, աղքատութենէ ձերբազատուելով աշխարհի ամէնէն հարուստ տնտեսութեան հետ գրեթէ համահաւասար մրցող,
– Նոյն այդ հարուստ երկրին թրիլիոններով տոլար պարտք տուող,
– Ո՛չ միայն հիւսուածեղէնի, այլ անհամեմատ աժան իր բոլոր արտադրութիւններով աշխարհը կլանած,
– Լրի՛ւ ռոպոթներով բանող հիւանդանոցներով,
– Գերարդիական զինուորական օդանաւերը եօթը երկվայրկեանի մէջ փոշիացնողը,
թողահար կ’ընէ՞ աշխարհը, թէ՞ ոչ:
Դղրդոցն ալ մինչեւ երկինք կը հասնի կարծեմ:
Աստուած հոգին լուսաւորէ Նափոլէոնին: