Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԵՌՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

May 29, 2025
in Գաղութային
0
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԵՌՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

 

 

«Միջազգային համայնքը պէտք չէ լուռ մնայ արցախահայութեան արդար դատին հանդէպ, այլ պատասխանատուութեան հրաւիրէ Ատրպէյճանը եւ պաշտպան կանգնի Արցախին՝ արդարութեան վերահաստատման հրամայականէն մղուած»

Ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս

 

Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2025-ին, Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ բացումը կատարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ու Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցւոյ կազմակերպած Արցախի կրօնական, մշակութային ու պատմական ժառանգութեանց պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համագումարին:

Համագումարին բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցւոյ նախագահ վերապատուելի Ռիթա Ֆամոս եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի դոկտ. Ճէրի Փիլէյ։

Համագումարի բացման նիստին խօսք առին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս: Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը անձամբ արտասանեց իր խօսքը, իսկ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տեսերիզի միջոցաւ իր խօսքը յղեց Անթիլիասի Մայրավանքէն:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ կէտերը յանձնեց համագումարի հայ եւ օտար մասնակցողներու ուշադրութեան.-

ա) Արցախի մէջ ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ եղաւ իր դարաւոր հայրենիքէն եւ օրէ-օր մեր կրօնական, մշակութային ու պատմական ժառանգութիւնը Ատրպէյճանի պետութեան հովանաւորութեամբ քանդումի կ՚ենթարկուի ծրագրուած ձեւով։

բ) Ինչ որ տեղի ունեցաւ 2023-ին եւ կը շարունակուի այսօր՝ ցեղասպանութիւն է. 1915-ի Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը նոր մեթոտաբանութեամբ եւ աճող ուժգնութեամբ այսօր ի գործ կը դրուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Ի մի բան՝ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։

գ) Միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնը եւ կ՚երաշխաւորէ հայորդիներուն իրենց հայրենիքը՝ Արցախ վերադարձը։ Եկեղեցիներուն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ բարի կամեցողութիւն ունեցող հաւաքականութիւններուն պարտականութիւնն է գործնականօրէն արձագանգել այս քայլերուն եւ արդարութեան վերահաստատման մասնակիցներն ու վկաները դառնալ։

դ) Այս համագումարը կոչուած է յայտարարութիւն կատարելէ անդին ուղեցոյց հանդիսանալու Արցախի դատի հետապնդման, մեր գերիներու ազատագրման, մեր ժողովուրդի զաւակներու Արցախ վերադարձին եւ արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղութեան վերահաստատման։

 

Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը (Մ.Տ.Կ.Կ.) ներկայացուցին Կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի պատասխանատու գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Զուիցերիոյ մէջ Մ.Տ.Կ.Կ. Միջեկեղեցական յարաբերութեանց ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Սեդա Խտըշեան եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան։

Share61Tweet38
Previous Post

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՄԲ Կ’ԱՄՐԱՊՆԴԵՆՔ ՄԵՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Next Post

ԱՐԹՆՑԱ՛Ւ ԱՌԻՒԾԸ, ԹՈՂԱ՛Ց ՈՒ ԴՂՐԴԱ՛Ց ԱՇԽԱՐՀԸ

Next Post
ԱՐԹՆՑԱ՛Ւ ԱՌԻՒԾԸ, ԹՈՂԱ՛Ց ՈՒ ԴՂՐԴԱ՛Ց ԱՇԽԱՐՀԸ

ԱՐԹՆՑԱ՛Ւ ԱՌԻՒԾԸ, ԹՈՂԱ՛Ց ՈՒ ԴՂՐԴԱ՛Ց ԱՇԽԱՐՀԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.