Ատրպէյճանի հետ իրականացուող սահմանազատմամբ Հայաստան կ’ամրապնդէ իր ինքնիշխանութիւնը եւ կը նուազեցնէ խոցելիութիւնը։ Ապարանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան։
«Սահմանազատմամբ մենք ամրապնդում ենք մեր ինքնիշխանութիւնը եւ նուազեցնում խոցելիութիւնը: Սահմանազատման գործընթացը շարունակուելու է Վրաստանի սահմանի անկիւնից մինչեւ Իրանի սահմանի անկիւնը: Ես յոյսով եմ, որ այն կանոնակարգի համապատասխան կ’իրականացուի։ Չեմ կարծում, որ վտանգներ կ’առաջանան»,- ըսած է ՀՀ փոխվարչապետը։
Մհեր Գրիգորեան նաեւ յաւելած է, որ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը եւ տարածքային սահմանազատումը զուգահեռ ընթացող գործընթացներ են, եւ մէկը միւսի իրականացման համար հիմք չէ։
Փոխվարչապետը յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպման օր դեռ յայտնի չէ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով պետական յանձնաժողովները Յունուար 16-ին հերթական հանդիպման ժամանակ համաձայնութեան եկած էին սահմանազատման նոր հատուածի շուրջ, այն է` պետական սահմանի սահմանազատման համալիր աշխատանքները սկսիլ հիւսիսային հատուածէն՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի սահմաններու հատման կէտէն եւ այնուհետեւ հարաւային ուղղութեամբ` հիւսիսէն հարաւ մինչեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ։