Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՅԼԵՒՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՓՆՏՌԵԼՈՒ ԿԱՐԻՔ ՉՈՒՆԻ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԳՏՆՈՒԱԾ Է»

May 29, 2025
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՅԼԵՒՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՓՆՏՌԵԼՈՒ ԿԱՐԻՔ ՉՈՒՆԻ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԳՏՆՈՒԱԾ Է»

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ Հանրապետութեան տօնին առիթով այցելած է Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր:

Վարչապետը յուշահամալիրին մէջ հանդէս եկած է ելոյթով, որուն մէջ, մասնաւորապէս, նշած է.
«Մեր ժողովուրդն այլեւս հայրենիք փնտռելու կարիք չունի, հայրենիքը գտնուած է։ Այսօր մենք աւելի պետութիւն ենք, քան երբեւէ, աւելի ինքնիշխան, քան երբեւէ»:

Սարդարապատի մէջ Առաջին հանրապետութեան տօնին առթիւ իր ելոյթին մէջ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքով Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ ժողովուրդի ոչ թէ կորուստներուն, այլ ձեռքբերումներուն արտայայտութիւնն է:

«Այսօր նշում ենք Հանրապետութեան օրը, որը կապուած է մեր հազարամեայ պատմութեան շրջադարձային իրադարձութեան՝ Առաջին հանրապետութեան հիմնադրման հետ: Սարդարապատի հերոսամարտով առարկայացած Առաջին հանրապետութիւնը երկար կեանք չունեցաւ. նրա գոյութիւնը տեւեց ընդամէնը երկու տարի եւ մի քանի ամիս, բայց Առաջին հանրապետութիւնը մեզ չորսուկէս դար պետականազուրկ եղած ազգից կրկին վերածեց պետականակերտ ժողովրդի:

«Առաջին հանրապետութիւնը թարմացրեց, բայց չամրապնդեց պետականութեան մասին մեր ընկալումը, սերմանեց, բայց չարմատաւորեց ժողովրդապետութիւնն ու ազատութիւնը մեզանում, որովհետեւ դրա ժամանակը չունեցաւ:

1991 թուականին, երբ Հայաստանը կրկին անկախացաւ, թւում էր, թէ եօթանասունամեայ քարոզչութիւնը խոր հետք չի թողել մեզանում, անկախ եւ ինքնուրոյն լինելու վախերը յաղթահարուած են, բայց հիմա արդէն Երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան յետահայեաց վերլուծութիւնը ակնյայտ է դարձնում, որ պետականութեան նկատմամբ քամահրանքն ինքնիշխանութիւնից ու ինքնուրոյնութիւնից լիարժէք մեր վախերը յաղթահարուած չեն»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Ան ընդգծած է, որ հայրենիքի մասին երազելու անհրաժեշտութիւն այժմ չկայ, որովհետեւ 2020 թուականէն ի վեր անցնելով դաժան փորձութիւններով՝ նահատակներու կեանքի գնով հայ ժողովուրդը իր ինքնիշխանութիւնը զարգացնելու, պետականութիւնը գիտակցելու ու յարատեւ դարձնելու պատմական հնարաւորութիւն ստացած է:

Share61Tweet38
Previous Post

  ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Next Post

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՄԲ Կ’ԱՄՐԱՊՆԴԵՆՔ ՄԵՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Next Post
«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՄԲ Կ’ԱՄՐԱՊՆԴԵՆՔ ՄԵՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՄԲ Կ'ԱՄՐԱՊՆԴԵՆՔ ՄԵՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.