Եմէնին տիրապետող հուսիներու Անսարալլա կազմակերպութեան «Էլ-Մասիրա» հեռատեսիլի կայանը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան օդուժը վերստին թիրախաւորած է մայրաքաղաք Սանաայի օդակայանը: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտնեց, թէ ռազմական օդանաւերը Սանաայի մէջ թիրախաւորած են հուսիներուն դիրքերը՝ ընդ որում կործանելով օդակայանին մէջ գտնուող միակ օդանաւը: