Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը կոչ ուղղեց անյապաղ զինադադար յայտարարելու Կազայի մէջ եւ ազատ արձակելու բոլոր գերիները, միաժամանակ յարգելով մարդասիրական միջազգային օրէնքին սկզբունքները:
Համաս շարժումը յայտարարեց, թէ ամերիկացի պատուիրակ Սթիվըն Ուիթքոֆի հետ համաձայնութիւն գոյացած է Կազայի մէջ երկարատեւ համաձայնութեան յանգելու ուղղութեամբ, պայմանաւ որ իսրայէլեան ուժերը ամբողջութեամբ հեռանան Կազայէն: «Ամերիկացի պատուիրակին հետ համաձայնեցանք, որ վերսկսի մարդասիրական օգնութիւններու հոսքը եւ յատուկ յանձնախումբ մը տնօրինէ Կազան զինադադարէն ետք», յայտարարեց Համաս, աւելցնելով որ գերիներու փոխանակումի նորագոյն համաձայնութիւնը կը ներառէ իսրայէլացի 10 գերիներու եւ մահացած գերիներու մարմիններու յանձնում Իսրայէլին՝ խումբ մը պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակումին դիմաց: