Պէյրութի նաւահանգիստի վարչական խորհուրդի նորանշանակ տնօրէն Օմար Իթանի յայտնեց, թէ նաւահանգիստը այժմ պատրաստ է միանալու արաբական ծովային փոխադրութեան ցանցին եւ վերատիրանալու արեւելքը արեւմուտքին կապող իր ռազմավարական դիրքին: Ըստ Իթանիի, նաւահանգիստին բարեկարգումը կը ներառէ նաեւ մարդկային ներուժի ներդրումներ՝ գործադրելով միջազգային չափանիշերը: Տնօրէնը առցանց ժողով մը գումարեց էմիրաթցի պատասխանատուներու հետ՝ քննարկելու համար նաւահանգիստը զարգացնելու հնարաւորութիւնները: Հանրօգուտ աշխատանքներու եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայէզ Ռասամնի, էմիրաթցի ներկայացուցիչներու հետ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ շրջագայած ատեն շեշտեց լիբանանեան ենթակառոյցները զարգացնելու եւ արաբական երկիրներուն հետ կապերը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: «Ունինք զբօսաշրջային բազմաթիւ ծրագրեր եւ կը փորձենք սորվիլ էմիրաթական զբօսաշրջային մշակոյթէն», ըսաւ նախարարը:
Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ձերբակալուած է երկու պատասխանատու՝ 42 հազար տոլար գումարի անհետացումէն ետք, պահանջելով անյապաղ վերադարձնել գումարը: