Լիբանանեան բանակէն եւ ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութենէն բարձրաստիճան սպաներու պատուիրակութիւն մը Սուրիոյ մէջ տեսակցեցաւ Սուրիոյ սպայակոյտի պետ զօրավար Ալի Նաասանի եւ ներքին գործերու նախարարի ոստիկանութեան հարցերու օգնականին հետ՝ քննարկելու երկու երկիրները հետաքրքրող նիւթերը՝ ներառեալ սահմանային անվտանգութեան թղթածրարը, համագործակցութիւնը խթանելու կարեւորութիւնը եւ մաքսանենցումի փորձերը կանխելու անհրաժեշտութիւնը: