Առողջապահութեան նախարարութեան շտապ գործողութիւններու կեդրոնը յայտարարեց, թէ ինքնաշարժ մը Ապպասիէ շրջանին մէջ թիրախաւորուած է իսրայէլեան անօդաչու սարքով, որուն հետեւանքով ինկած է զոհ մը: Իսրայէլեան ուժերը երէկ մօտեցան նաեւ Ուազանի գետեզերքին եւ մեծ դրօշներ ծածանեցին լիբանանեան սահմանային սրճարաններուն հանդիպակաց բլուրներուն վրայ:
Իսրայէլի վարչապետ Պեմիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իրենք ձախողութեան մատնած են Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջանին ուղղութեամբ Հըզպալլայի ներթափանցումի ծրագրերը, ստեղծելով վերջին 50 տարիներուն մէջ բոլորովին նոր իրավիճակ մը: