Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ

May 29, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ

  

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Ապու Տապիի մէջ տեսակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիութիւններու նախագահ Մոհամմատ պըն Զայէտ ալ-Նահիանի հետ, քննարկեց երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւնները եւ համագործակցութեան զարգացումի հեռանկարները: Էմիրաթցի նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանի նկատմամբ իր երկրին դիրքորոշումները անփոփոխ են ու Ապու Տապի կը յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: Սալամ շեշտեց, որ այժմ կան արաբական համագործակցութեան նոր հորիզոններ, իսկ Լիբանանի դռները այսուհետեւ բաց են բոլոր արաբ եղբայրական ժողովուրդներուն դիմաց», վստահեցուց Նաուաֆ Սալամ: Էմիրութիւններու լիբանանեան գաղութին հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին Սալամ նշեց, որ հարաւային բլուրներու իսրայէլեան բռնագրաւումը կ’ուշացնէ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ պետութեան հեղինակութիւնը պարտադրելու ծրագրին գործադրութիւնը: «Մենք յանձնառու կը մնանք բարեկարգումներու եւ գերիշխանութեան պահպանումի ծրագրերուն», ըսաւ Սալամ՝ շեշտելով, որ աշխատանք կը տարուի լիբանանցիներուն եւ օտարերկրացիներուն վստահութեան վերատիրանալու, որպէսզի կարելի ըլլայ ներգրաւել ներդրումներ:

Վարչապետին շուտով հակադարձեց Հըզպալլայի արբանեակներէն մուֆթի Ահմատ Քապալանը, որ շեշտեց, թէ Սալամ վարչապետ պիտի չկարենար դառնալ առանց իսլամական յեղափոխութեան կողմէ Հըզպալլային տրամադրուած աջակցութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ ազատագրել Լիբանանը: «Դիմադրութեան զէնքէն աւելի բարձր օրինականութիւն չկայ: Երբ լիբանանեան բանակը տիրանայ արդիական օդանաւերու եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու, այն ատեն կը սկսինք քննարկել Դիմադրութեան զէնքին թղթածրարը», պնդեց Քապալան, Սալամէն պահանջելով զերծ մնալ նման կեցուածքներէ ներքին հարցեր յառաջացնելէ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՌԱԺԻ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՕՐԻՆԱԶԱՆՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ Է»

Next Post

  ԿԱՆԽԵՑԻՆՔ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՎՏԱՆԳԸ

Next Post

  ԿԱՆԽԵՑԻՆՔ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՎՏԱՆԳԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.