Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռաժի երէկ վերստին քննադատեց Հըզպալլան եւ խօսեցաւ ապօրինի զէնքի երեւոյթին մասին: Շեշտելով, թէ Լիբանանի պետութիւնը պիտի չհրաժարի զէնքի մենաշնորհ ունենալու իր որոշումէն, Ռաժի Հըզպալլան համարեց «օրինազանց կազմակերպութիւն մը, որ կը խախտէ օրէնքները եւ կը մերժէ հրաժարիլ ապօրինի զէնքէն»: Նախարարը նաեւ փայտակերտ համարեց Հըզպալլայի առաջադրած բանակ-ժողովուրդ-դիմադրութիւն երրորդութիւնը: «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը թող ինչ որ ուզէ ըսէ, սակայն լիբանանցիները այլեւս չեն ուզեր այդ երրորդութիւնը, որ սպառած է», ըսաւ Ռաժի՝ պահանջելով, որ Հըզպալլա յանձնէ զէնքը եւ դառնայ քաղաքական կուսակցութիւն մը՝ իր ընտրած գաղափարախօսութեամբ: «Թող Հըզպալլայի զինեալները վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին եւ գործերուն», շեշտեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախարարը: