Սարդարապատի ճակատամարտը համազգային դիւցազնամարտ մըն էր անտարակոյս: Համահայկական ծառացումն ու համախումբ մասնակցութիւնը անոր թէժ մարտերուն՝ ակներեւ ապացոյցն է անոր կարեւորութեան: Հերոսամարտը իր փայլուն աւարտով, իր էջերուն դաջեց անմոռանալի անուններու շարք մը. եւ ոչ միայն Սարդարապատի, այլեւ՝ Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսային մէջ եւս: Քաղաքական, հոգեւոր եւ ռազմական դէմքեր իրենց անջնջելի դրոշմը թողուցին սերունդներու յիշողութեան մէջ: Գէորգ Ե. կաթողիկոսի, Արամ Մանուկեանի, Թովմաս Նազարբէկեանի, Մովսէս Սիլիկեանի, Գարեգին արք. Յովսէփեանցի, Դանիէլ եւ Պօղոս Բէկ-Փիրումեաններու քովն ի վեր կը շողայ անունը նաեւ հնչակեան մարտական գործիչ մշեցի Պանդուխտի:
1918 Մայիսին, Արեւելեան Հայաստան ներխուժող օսմանեան բանակին եւ հայկական ուժերուն միջեւ ընթացող ռազմական գործողութիւններու վճռորոշ պահուն, Մայիս 27-ին, Արագած լերան լանջէն Պանդուխտի գլխաւորած հեծեալներու գունդին դիպուկ յարձակումը եւ զգետնիչ հարուածը ոսոխին, բարձրօրէն գնահատուած է ռազմագէտներու եւ պատմաբաններու կողմէ՝ որպէս Սարդարապատի ճակատամարտին յաղթական ելքին գլխաւոր գործօններէն մին: Եւ բնականաբար դրուատանքի արժանացած է այդ գործողութեան խիզախ ղեկավարին անունը՝ որն է Միքայէլ Սերեան կամ մարտական մկրտութեամբ՝ Պանդուխտ:
Արդարեւ, ո՞վ է ան: Ծնած է 1884-ին՝ Մշոյ Յունան գիւղը: Ի տես իր ծննդավայր գիւղին հիմնայատակ կործանումին քրտական զինեալ ուժերու կողմէ, 1904-ին, դառնութիւնը զինք կը նետէ յեղափոխական ասպարէզ՝ նախ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ ապա Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերէն ներս, ուր պիտի մնար մինչեւ իր կեանքին վերջը: Սասնոյ մէջ, ֆետայական իր առաջին մկրտութիւնը կը ստանայ հայդուկապետ Անդրանիկի շունչին տակ, որուն նկատմամբ իր ունեցած ակնածանքը պիտի պահպանէր մինչեւ վերջ: 1905-ի Անդրկովկասի հայ-թաթարական կռիւներուն կը մասնակցի աշխուժօրէն: 1906-ին կը ղրկուի Պուլկարիա զինուորական կրթութիւն ստանալու: Ի տես Հ.Յ.Դ.-ի ներքին խնդիրներուն, Պանդուխտ հրաժարելով անկէ՝ կը միանայ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ 1908-ին կ’անցնի Կ. Պոլիս, ուր անմիջական շփումներ կ’ունենայ հնչակեան գործիչներու հետ, ինչպէս՝ Փարամազի, Մեծն Մուրատի, Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի եւ ուրիշներու: 1909-ին կը մասնակցի ՍԴՀԿ Պոլսոյ Զ. համագումարին: Նոյն տարին, որպէս մարտական ուժերու կազմակերպիչ, կուսակցութեան հրահանգով, կ’ուղեւորուի Նիկոմիդիոյ շրջան (Իզմիթ, Ատապազար, Պարտիզակ, Արսլանպէկ եւ այլն): Աւելի ուշ, 1909 Հոկտեմբերին, կը գաղթէ Ամերիկա, ուր կը նշանակուի կուսակցութեան շրջուն գործիչ: ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի զանազան հայաշատ քաղաքներու մէջ, կազմակերպչական գործունէութեան կողքին, կ’ունենայ հրապարակային դասախօսութիւններ (Փրովիտէնս, Ուոքիկըն, Գլիվլէնտ, Տիթրոյթ, Նիւ Պրիթըն, Փորթլէնտ, Սէյնթ Քաթրինզ, Հեմիլթըն, Շիքակօ, Ռէյսին, Թրոյ, Նիւ Եորք եւ այլն): Ուշագրաւ է, որ դասախօսութիւններուն նիւթերը տեսական-քաղաքական-գաղափարախօսական բնոյթի էին, ինչպէս՝ ընկերվարութեան, ազգերու ծագումին, բռնապետութեան, դրամատիրութեան, տնտեսութեան, միջազգային քաղաքականութեան, ազգային հրատապ հարցերու եւ այլն:
Մինչ ԱՄՆ-ի մէջ կը գործէր ան, 1914-ին կը բռնկի Առաջին Աշխարհամարտը: Կովկասեան ճակատին վրայ կը կազմաւորուին հայկական կամաւորական ջոկատներ՝ ցարական Ռուսաստանի զօրքերուն հետ արշաւելու Արեւմտեան Հայաստան: Հայագաղութներու մէջ կը սկսին կամաւորագրուիլ պանդուխտ երիտասարդներ: ԱՄՆ-ի մէջ աշխուժօրէն գործի կը լծուի Պանդուխտ եւ հնչակեան կամաւորներու գլուխ անցած, տարուան աւարտին, Նիւ Եորքէն ճամբայ կ’ելլեն դէպի ճակատ: Նախ կը ժամանեն Լիվըրփուլ, ապա՝ Սթոքհոլմ, յետոյ՝ Ֆինլանտա եւ 20 Յունուար 1915-ին՝ Փեթերսպուրկ, որմէ ետք Ռոստով, Թիֆլիս եւ ի վերջոյ Մարտի վերջին Կարս՝ ռազմաճակատ մեկնելու համար: Արդէն կազմուած էր վեցերորդ կամաւորական գունդը հնչակեաններու կողմէ եւ Պանդուխտի խումբը կը միանայ անոր՝ իր մասնակցութիւնը բերելու թէժ մարտերուն: Ան կը նշանակուի գունդին փոխհրամանատարը: Կատաղի կռիւներու ընթացքին կը նահատակուի հրամանատար Գրիգոր Աւշարեան, ապա՝ կը վիրաւորուի զինք փոխարինած Հայկ Բժշկեան (հետագային՝ անուանի զօրավար Գայ), որմէ ետք հրամանատար կը դառնայ Պանդուխտ՝ հազար հոգիանոց գունդին:
Աւելի ուշ, երբ Արեւմտեան Հայաստանի ճակատը կը գլխաւորէր զօրավար Անդրանիկ, Պանդուխտ միանալով անոր Հայաստանի Երկրապահ Զօրամասին, կը ստանձնէ Սարիղամիշի ճակատին ղեկավարութիւնը՝ կատարելով զօրահաւաք, ռազմամթերքի հսկողութիւն, կազմակերպչական աշխատանքներ: Այս առումով, բազմաթիւ վկայութիւններ կան Պանդուխտի բծախնդիր, բարեխիղճ եւ յանձնառու վարքագիծի մասին: Արդէն կը մօտենար Սարդարապատի հերոսամարտին օրերը, եւ անկէ հնչած հայրենասիրական ղօղանջներուն արձագանգելով, Պանդուխտ իր հեծելագունդով կը կատարէ պատմական այն սխրանքը, որ ճակատագրական եղաւ Սարդարապատի յաղթական ելքին համար: Անկէ ետք, Պանդուխտը կը տեսնենք Զանգեզուրի մէջ, դարձեալ զօրավար Անդրանիկի կողքին, երբ ան Առանձին Հարուածող Զօրամասով շրջանը կը վնասազերծէր թուրք-թաթարական վտանգէն: Պանդուխտ կը միանար Անդրանիկին այն պահուն, երբ շատ մը փորձառու զինուորականներ կը լքէին Անդրանիկը: Իր վաղեմի զինակից Պանդուխտի այս նուիրեալ արարքը կը խանդավառէ Անդրանիկը: Այս ծիրէն ներս, Պանդուխտ կը նախաձեռնէ Զանգեզուրի հարաւը թաթարական ազդեցութենէն ազատելու արշաւը: Երբ զանգեզուրեան առաքելութիւնը վերջ կը գտնէր Անդրանիկի համար, եւ հետեւաբար Պանդուխտի համար եւս, 1919-ի Փետրուարին խումբ մը համախոհներով կը հաստատուի Երեւան եւ ապա Սարիղամիշ: Մէկ տարի ետք, հոն կը պատահի խորհրդաւոր դէպք մը: Թունաւորուելով կը մահանար ան: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, ան զոհն էր դաշնակցական «տեռորիստ»ներու: Հնչակեան կարգ մը թերթեր կը գրեն, թէ անոր մահը սովորական թունաւորումի մը հետեւանքով չէր, այլեւ՝ ոճրափորձի: Այսպիսով, վերջ կը գտնէր մարտական երկար ու երախտարժան ուղի անցած մշեցի Պանդուխտի հերոսական կեանքը:
Սարդարապատի հերոսներէն Պանդուխտի անունը միշտ ալ ոգեշնչող եղած է հնչակեան շարքայիններուն համար: Զէնքի ու հայրենիքի նուիրեալ այս հերոսին անունը կը կրէ Լիբանանի հնչակեան մասնաճիւղերէն մին: Մինչ, 2018-ին, Պէյրութի մէջ, Պանդուխտի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած մենագրութիւն մը լոյս տեսաւ տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի գրիչով՝ «Պանդուխտ (Միքայէլ Սերեան)» խորագիրով (Հրասիրտները Մատենաշար – թիւ 3):
Փա՛ռք հերոսի անմեռ յիշատակին: