Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ «ՍԻՈՆ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԹԻՒԸ – 2  

    Լ. Շ.   

May 27, 2025
in Յօդուածներ
0
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ «ՍԻՈՆ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻՆ  ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԹԻՒԸ – 2  

 

 

«Սիոն»-ի էջերը մի՛շտ ալ ընդգրկած են ու կ՛ընդգրկեն գրական կամ գրականագիտական ուսումնասիրութիւններ։

Պաշտօնաթերթին հայաստանցի երիտասարդ խմբագիրը՝ Ներսեհ վրդ. Ալոյեան, յառաջապահներէն մին է այս բնագաւառին, գո՛նէ սա վերջին քանի մը տարիներուն։ Ակնբախ է, որ Հ. Ներսեհ ունի գրական լուրջ հետաքրքրութիւններ ու գնահատելի թեքում մը՝ պրպտելու, հետազօտելու, մեկնաբանելու մօտիկ անցեալի մեր գրականութեան պատմութեան ինչ-ինչ երեսները։

Այս անգամ ան սեւեռումի ենթարկած է «Արեւմտահայ ռոմանթիկական պատմավէպի ժանրային առանձնայատկութիւնները» (վերնագիրն է)։ Ընդարձակ այս յօդուածը, ամբողջովին, կը պտտկի պոլսեցի արեւմտահայ յայտնի վիպագիր Ծերենցի (բժ. Յովսէփ Շիշմանեան) 1877-1881 քառամեակին հրատարակած երեք պատմավէպերուն շուրջ՝ «Թորոս Լեւոնի», «Երկունք Թ. դարու» եւ «Թէոդորոս Ռշտունի»։ Գիտենք, որ յօդուածին վարդապետ հեղինակը նախապէս ալ, քանիցս, հայրենի գիտական այլ պարբերականներու մէջ, խորապէս քննած էր Ծերենցի վէպերը։ Կը թուի թէ իր նախասիրած նիւթն է այս, որուն մասին մի՛շտ նորութիւններ, ըսելիքներ ունի ան։ Դէպի խորացում առաջնորդող երթ մըն է այս, մեծապէս գնահատելի։

Երբ «պատմավէպ» կ՛ըսենք, բնականաբար կը յիշենք ՐաՖՖին՝ իր նշանաւոր վէպերով։ Ալոյեան վրդ. կ՛ըսէ սակայն, թէ Ծերենց վիպական այդ սեռին մշակման մէջ կը կանխէ ՐաՖՖին։ Երկո՛ւքն ալ իրենց պատմավէպերուն ընդմէջէն ուզած են պատգամներ տալ ներկային, պատմութեան խորերէն եկող իրենց հերոսները, անոնց վսեմ գործերը օրինակ ցոյց տալ այսօրուան սերունդներուն։ Ուզած են որ ընթերցողները իրենց նախնեաց մեծագործութիւնները տեսնեն, հետեւին անոնց առաքինութիւններուն, հեռու մնան մոլորութիւններէ։

«Սիոն» երբեմն տեղ կու տայ անգլերէն գրութեանց ալ։ Այդ է պարագան Նաւասարդ Մարտոյեանի ուսումնասիրութեան, որ նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ կը փնտռէ քրիստոնէից Ս. Գիրքին եւ իսլամաց Քուրանին միջեւ։ Յօդուածը անգլերէն է եւ տողատակի ծանօթագրութիւններով յղում կը կատարէ բազմաթիւ աղբիւրներու։ Շատ հետաքրքրական հետազօտութիւն մըն է այս, ուր կը տողանցեն բոլոր այն անունները (դէմքեր), որոնք յիշատակուած են Ս. Գիրքի եւ Քուրանի մէջ միաժամանակ։ Իցի՜ւ թէ այս յօդուածը հայերէնի թարգմանուէր ու տպուէր։

«Սիոն»-ի «Սուրբ Յակոբի ներսէն» մնայուն սիւնակը տեղեկութիւններ կու տայ մեզի վանքին ու պատրիարքութեան կեանքէն, իրադարձութիւններէն։ Զորօրինակ, կ՛իմանանք որ անցեալ Փետրուարին Երուսաղէմի քաղաքապետարանը անիրաւօրէն փորձեր է ահռելի հարկեր գանձել հայոց պատրիարքութեան գոյքերէն կամ հակառակ պարագային՝ բռնագրաւել զանոնք։

Ս. Աթոռոյ դիւանին կողմէ 11 Մարտին հրատարակուած այլ հաղորդագրութիւն մը (էջ 95-96), սակայն, «Սուրիոյ մէջ շարունակուող խժդժութեանց եւ աւերիչ հակամարտութեանց» մասին, ուղղակի շշմեցուց մեզ։ Անտեղի ու վնասարար զեկոյց մըն է այս եւ կը բովանդակէ անիրաւ ու հիմնովին անիրական մատնանշումներ։ Հաւանաբար պատրիարքարանը զոհ գացեր է ապատեղեկատուական  դրդումներու…։ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը կայուն է աւելի քան երբեք, իսկ հայ (եւ քրիստոնեայ) բոլոր համայնքներն ալ կ՛ապրին ու կը գործեն կատարեալ ազատութեամբ, անկաշկանդ եւ անդորր պայմաններու մէջ։ Երկրին նոր իշխանութիւնները բոլորին նկատմամբ կը ցուցաբերեն ազնիւ, բարեացակամ եւ օրինապահ վերաբերում։ Անկարելի է հաւատալ, որ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութիւնը սեւով ճերմակի վրայ գրէ, թէ Սուրիոյ հայերը «այժմ կանգնած են իրենց կեանքին ու ժառանգութեան սպառնացող վտանգի առջեւ։ …Անոնց եկեղեցիները, դպրոցները եւ տուները յայտնուած են շարունակուող քաղաքացիական պատերազմի կրակի տակ եւ դարձեալ տեղահանումի վախ կայ»…։

Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որուն մայր թեմերէն մին է Հալէպը, երբեւիցէ կատարե՞ց նման ձախաւեր յայտարարութիւն: Ո՛չ: Թելադրելի է որ Երուսաղէմի պատրիարքարանը, նման պարագաներու, իր տուեալները քաղէ ու՛ղղակի Անթիլիասէն կամ Հալէպի ազգ. առաջնորդարանէն, փոխանակ ջուր խմելու պղտոր ակերէ…:

Թերթելով «Սիոն»-ը՝ վերահասու դարձանք նաեւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ծիսական, հոգեւոր առօրեայ գործունէութեան։ Մեր աչքին առջեւէն տողանցեցին անուննե՜ր, որոնք այսօրուան պահապաններն ու սպասաւորներն են վանքին։ Նուրհան պատրիարքին կողքին՝ այնտեղ պատնէշի վրայ են ծերունազարդ լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանը, Թէոդորոս եպս. Զաքարեանը, Կորիւն եպս. Բաղդասարեանը (կալուածոց տեսուչ), Սամուէլ ծ. վրդ. Աղոյեանը, Բարսեղ ծ. վրդ. Գալէմտէրեանը, Խադ ծ. վրդ. Ճունտուրեանը, Վանիկ ծ. վրդ. Մանկասարեանը, Ղեւոնդ ծ. վրդ. Յովհաննիսեանը, Կոմիտաս վրդ. Շէրպէթճեանը, Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ Գէորգ վրդ. Հայրապետեանը, Աղան վրդ. Գոգչեանը (դիւանապետ), Վազգէն վրդ. Ալէքեանը (աւագ թարգման), Տիրան վրդ. Յակոբեանը, Սիոն աբղ. Թաքուշեանը (գաւազանակիր) եւ այլն, եւ այլն։ Կան նաեւ մեծաթիւ սարկաւագներ ու դպիրներ։ Միաբանութեան շարքերուն մէջ մեծ է տոկոսը հայաստանցիներուն, բնականաբար՝ արեւելահայ արմատով ու բարբառով…։

Փակելէ առաջ այս արագ ակնարկը, ունինք փոքրիկ դիտողութիւն մը։

Հարկ է ուշադիր ըլլալ պաշտօնաթերթին ուղղագրութեան եւ լեզուական մաքրութեան, քանի որ, ինչպէս կը հաստատէ խմբագրութիւնը ի՛նք՝ «հայերէն յօդուածները ՍԻՈՆ-ի մէջ կը հրատարակուին դասական հայերէն ուղղագրութեամբ»։ Այս նորագոյն թիւին երեքուկէս էջանի առաջնորդող խմբագրականին մէջ մենք նկատեցինք հրէամետ, արաբամետ (պէտք է գրուին «է»-ով), ծիրանէնի, դեղձէնի, բալէնի, ձիթէնի, արմաւէնի բառերը (պէտք է գրուին «ե»-ով)։ Կային նաեւ քերականական անճշդութիւններ, խնդրառութեան սխալներ։ Օրինակ՝ «Հին եգիպտացիները կը պաշտէին Ռա չաստուծոյ» (պէտք է ըլլար «Ռա չաստուածը», հայց. հոլովով), «ինծի ալ առէք հետերնիդ» (ճիշդը՝ «զիս ալ առէք…», հայց. հոլովով), «ես քեզի պիտի մեծարեմ» (ճիշդը՝ «ես քեզ պիտի մեծարեմ», հայց. հոլովով), «Հովիւները կը փառաբանէին եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէին Աստուծոյ» (գործածուած զոյգ բայերը համասեռ չեն, ուստի պէտք է գրել՝ «հովիւները կը փառաբանէին զԱստուած եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէին Անոր»)…։

Այսպիսի սխալներ, որոնցմով ողողուած է սփիւռքահայ բովանդակ մամուլը, դիւրաւ սրբագրելի են՝ եթէ ճիգ թափուի, հոգածութիւն ցուցաբերուի։

Կը վստահինք «Սիոն»–ին ու անոր յարգարժան խմբագրութեան։

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ. «ՄԱՐՕ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ  ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

Next Post

ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻՆ ՄՇՏԱՅՈՒՇ ՀԵՐՈՍՆԵՐԷՆ՝  ՄՇԵՑԻ ՊԱՆԴՈՒԽՏ 

Next Post
ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻՆ ՄՇՏԱՅՈՒՇ ՀԵՐՈՍՆԵՐԷՆ՝   ՄՇԵՑԻ ՊԱՆԴՈՒԽՏ 

ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻՆ ՄՇՏԱՅՈՒՇ ՀԵՐՈՍՆԵՐԷՆ՝  ՄՇԵՑԻ ՊԱՆԴՈՒԽՏ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.