ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ԵԻ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Բոլորս ալ տարուան 12 ամիսներուն ընթացքին, զանազան առիթներով կը յիշենք մեր մայրերը: Անոնց գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը անսահման է: Երբ կը խօսինք մայրերու մասին, քիչ թէ շատ գրականութեան սիրահար ոեւէ մէկը չի կրնար չյիշել Պարոյր Սեւակի նշանաւոր «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը: Հայ մայրը տարբեր է միւս ազգերու մայրերէն թէ՛ խառնուածքով եւ թէ՛ ներշնչումով: Չեմ կարծեր, որ ուրիշ ազգերու մէջ բանաստեղծներ այսքան շատ բան գրած ըլլան իրենց մայրերուն կամ ընդհանրապէս մայրական սիրոյ մասին:
Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. «Մարօ Նազարբէկեան» մասնաճիւղի վարչութեան , Շաբաթ, 24 Մայիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, «Մամունիէ» ճաշարանի շքեղ սրահէն ներս արժանավայել եւ իւրայատուկ կերպով նշուեցաւ Մայրերու Տօնը:
Սոյն տօնախմբութեան ներկայ էին կուսակցութեանս հովանաւորութիւնը վայելող միութիւններու եւ մասնաճիւղերու ազնուափայլ ներկայացուչից կանայք եւ ծնողներ, ինչպէս նաեւ Սին-էլ-Ֆիլի Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ներկայացուցիչ օրդ. Գարոլին Խաչիկեանը:
Օրուան հանդիսավար ընկերուհի Քրիսթին Շահինեան բարի գալուստ մաղթեց ներկայ մայրերուն, բարձր որակեց հայ մօր տիպարը ունեցող պատուական մեր մայրերուն անձնազոհողութիւնը եւ նուիրումը մեզի հանդէպ, եւ ըսաւ. «Կ’ողջունենք ձեզ, հայ մայրեր, աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը 365 օրէրէն մէկ օրը մայրերու նուիրելը նուազագոյն մեր պարտքն է: Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ո՛չ միայն դարձած է տիպար մայր՝ իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սրբազան արժէքներն ու առաքինութիւնները, այլ նաեւ ան ընտանիքին ամրակուռ սիւնն է եղած ու իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակը»: Ապա ան հրաւիրեց «Մ. Նազարբէկեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկերուհի Զարիկ Քիւրքճեանը՝ փոխանցելու վարչութեան խօսքը:
Ընկերուհի Քիւրքճեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ բոլոր մայրերուն, որոնք ընդառաջած էին Նազարբէկեան մասնաճիւղի «Մայրերու Օր»ուան այս միջոցառման հրաւէրին եւ իրենց ներկայութեամբ անգամի մը համար եւս պատուած էին մեր մայրերը:
Ան ըսաւ. «Այսօր մեր սիրտերը կը բաբախեն ուրախութեամբ, ջերմութեամբ եւ անսահման գնահատանքով, մայր դառնալու յատկութիւնը այն ամենամեծ պարգեւն է, որ նախախնամութիւնը կը շնորհէ կնոջ. պարգեւ մը, որ կինը կը դարձնէ հմայիչ, ներշնչող եւ կենսատու ներկայութիւն մը մեր կեանքերուն մէջ, մայրերու տօնը՝ անաւարտ սիրոյ, անսահման հոգատարութեան, անդադար ժպիտներու եւ ամէնօրեայ զոհողութիւններու խորհրդանիշ է»։
Եզրափակելով իր խօսքը, ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց աշխարհասփիւռ հայ մայրերը եւ յատկապէս հնչակեան մայրերը, որոնք «ամէն ջանք թափեցին եւ ցուցաբերեցին հայ մօր տիպարը, որոնք իբրեւ հերոսներ մնացին կառչած իրենց ընտանիքներուն գլուխը, այն լոյսին համար, որ կը բերէք տուներուն մէջ, եւ այն ուժին համար, որ կը փոխանցէք ձեր շուրջիններուն»։ Այս գեղեցիկ, ուրախ եւ մեղեդիով լեցուն օրը կը յիշենք մեծն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի անմահ խօսքերը՝
Մեր յոյսի դուռն է մայրս,
Մեր տան մատուռն է մայրս,
Մեր արծուաբոյնն է մայրս,
Մեր տան ծառան է մայրս,
Մեր տան արքան է մայրս,
Մեր հացն ու ջուրն է մայրս,
Մեր տան Աստուածն է մայրս…
Պատրաստուած կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ հայկական եւ յունական պարերով, մասնակցութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Արեգ» պարախումբի անդամներուն, ապա տխրունիական ընկերուհի Փաթիլ Փափազեան խոր ապրումով ասմուքեց Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ գաղութիս մէջ սիրուած երգիչ Սերժիօ Ահարոնեանի կողմէ. ան իր հարուստ երգացանկով ճոխացուց մթնոլորտը: Անսահման էր ներկաներուն ուրախութիւնը, «Մարօ»-ական ընկերուհիները կը շրջէին սեղաններ գոհացնելով բոլորը: Տեղի ունեցաւ օրուան «Բախտաւոր Մօր» վիճակաձգութիւնը, ինչպէս նաեւ տարիքով երիցագոյն եւ ամէնէն երիտասարդ մայրերուն պատուելու արարողութիւնը:
«Նազարբէկեան»ի ընկերուհիները իրենց սուղ ժամերը տրամադրելով կարողացած էին գեղեցիկ նուէրներ ապահովել վիճակահանութեան համար եւ ներկաները, քաջալերելով ընկերուհիներուն վաճառած վիճակահանութեան տոմսերը, բախտաւորուեցան զանազան նուէրներով:
Ճոխ մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասած ըլլալով կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատութիւններ: Ներկաները սրահէն բաժնուեցան ուրախ մթնոլորտի մէջ, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով Ս.Դ.Հ.Կ. «Մարօ Նազարբէկեան» մասնաճիւղի վարչութեան: