Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Քրիսթին Լակարտ ահազանգեց, թէ ամերիկեան տոլարով կառավարուած միջազգային տնտեսութիւնը սկսած է ճաքիլ, եւրօն առաջարկելով որպէս տոլարը փոխարինող դրամանիշ: Լակարտի համաձայն, տնտեսական համակարգը վտանգուած է գլխաւոր ընկերութիւններու նկատմամբ տուրք սահմանելու մասին ամերիկացի նախագահին սպառնալիքներու լոյսին տակ, ուստի անհրաժեշտ է միջոցներ գտնել՝ հակակշիռի տակ առնելու դրութիւնը: