«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Համաս շարժումը համաձայնած է Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելու՝ ամերիկացի պատուիրակ Սթիվըն Ուիթքոֆի առաջարկին: Ըստ գործակալութեան, այդ առաջարկը կը խօսի գերիները երկու փուլով ազատ արձակելու եւ 70 օր զինադադար յայտարարելու մասին: Իսրայէլացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւն մը սակայն մերժեց պատուիրակին առաջարկը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ իր կառավարութիւնը պիտի շարունակէ Երուսաղէմը ամբողջութեամբ պահել Իսրայէլի գերիշխանութեան եւ տիրապետութեան տակ: «Այս քաղաքը մեր յաւերժական մայրաքաղաքն է եւ զայն այսուհետեւ պիտի չբաժնենք», ըսաւ Նեթանիահու: Յորդանանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը միւս կողմէ շեշտեց, որ իսրայէլացիներու կողմէ Աքսայի ոտնակոխումը չի փոխեր այն իրականութիւնը, թէ Երուսաղէմի արեւելեան հատուածը բռնագրաւեալ քաղաք է եւ Իսրայէլ գերիշխանութիւն չի կրնար ունենալ քաղաքի այդ հատուածին վրայ:
Իսկ ընդդիմութեան առաջնորդներէն Պէնի Կանց ահազանգեց, թէ Կազայի պատերազմին նախանշուած նպատակները իրականացնելու համար անհրաժեշտ են տարիներ: Ան կոչ ուղղեց անյապաղ իրականացնելու գերիներու փոխանակումի ամբողջական գործարք մը, զգուշացնելով մասնակի փոխանակումներէն: «Գերիները պէտք է վերադառնան, նոյնիսկ եթէ այդ առնչութեամբ համաձայնութիւնը ըլլայ ցաւոտ», ըսաւ Կանց: