Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԻ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ

May 27, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԻ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ Յունիսի կիսուն աշխատանքները պիտի սկսին՝ Պէյրութի պաղեստինեան երեք գաղթակայաններու մէջ ապօրինի զէնքին հարցը լուծելու ուղղութեամբ: Ամերիկացի ծերակուտական պատուիրակութիւն մը ընդունած ատեն Աուն դրական համարեց Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները չեղարկելու որոշումը, որովհետեւ այդ կրկայ բարելաւել տնտեսութիւնը եւ ապահովել տեղահանուած սուրիացիներուն տունդարձը: Նախագահը ՄԱԿ-ին վերստին առաջարկեց սուրիացիներուն օգնել իրենց երկրին մէջ, ոչ թէ Լիբանանի: Ան ապա տեսակցեցաւ Ֆինլանտայի արտաքին գործերու նախարար Էլինա Վալթոնէնին հետ ու Լիբանանի յանձնառութիւնը յայտնեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան եւ անոնց հետ լիբանանեան բանակի համագործակցութեան:

Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խորհրդարանական խմբակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Խմբակցութեան նախագահ Մոհամմատ Ռաատ յայտնեց, որ նախագահին հետ միտքեր փոխանակած են երկրին առջեւ ցցուած մարտահրաւէրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն մասին, առաջին հերթին ընդգծելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը պահպանելու, իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու եւ ոտնձգութիւնները կանխելու կարեւորութիւնը: «Նախագահին հետ ունինք համախոհութեան լայն հնարաւորութիւն եւ պարտաւորուած չենք որեւէ պայմանաժամով», ըսաւ Ռաատ: Իսկ Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հետ տեսակցելէ ետք Ռաատ յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ժողովուրդը յանձնառու կը մնայ դիմադրութեան ընտրանքին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՍԱԼԱՄ. «ՊԻՏԻ ՉԼՌԵՆՔ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԶԷՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ» 

Next Post

ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.