Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱԼԱՄ. «ՊԻՏԻ ՉԼՌԵՆՔ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԶԷՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ» 

May 27, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՍԱԼԱՄ. «ՊԻՏԻ ՉԼՌԵՆՔ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԶԷՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ» 

 

 

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, թէ կարելի չէ լուռ մնալ պետութեան տիրապետութենէն դուրս  մնացող զէնքի հարցին մասին: «Աւարտեցաւ Իրանի յեղափոխութիւնը արտածելու ժամանակաշրջանը», շեշտեց վարչապետը, ահազանգելով որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ առկայ զէնքը կրնայ օրին մէկը դառնալ ներ-պաղեստինեան առճակատումի միջոց: Շեշտելով, որ ըլլալով խաղաղասէր, լիբանանցիները կը պահանջեն արդար ու մնայուն խաղաղութիւն: Սալամ ամերիկացիներուն կոչ ուղղեց յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Թել Աւիւի նկատմամբ, որպէսզի իսրայէլեան ուժերը հեռանան Լիբանանի բռնագրաւեալ հողերէն: Ամերիկեան ծերակուտականներու պատուիրակութիւն մը ընդունած ատեն, վարչապետը հաւաստիացուց, որ կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի Լիբանանը վերակառուցելու ծրագրեր մշակելու եւ ֆինանսաւորում ապահովելու: Ան նշեց, թէ մշակուած է պաղեստինեան գաղթակայաններուն վիճակը բարեկարգելու ծրագիր մը եւ կառավարութիւնը զայն պիտի գործադրէ աստիճանաբար: Ապու Տապիի բարգաւաճումի հիմնադրամի պատուիրակութիւնը ընդունելէ ետք Սալամ հաստատեց, որ Լիբանան յստակ որոշում կայացուցած է արաբական երկիրներուն ծոցը վերադառնալու մասին: Էմիրաթական պատուիրակութեան բանբերը, իր կարգին, յայտնեց, որ նախաձեռնութիւններ կը մշակուին լիբանանցիներուն համար եւ սեփական ոլորտին վերականգնումին ուղղութեամբ: «Լիբանան եկած ենք աջակցելու կառավարութեան եւ պիտի կեդրոնանանք առաջնահերթ ոլորտներուն վրայ», նշեց հիւր պատուիրակութիւնը:

Share62Tweet39
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ. – ԿԻՊՐՈՍ ԴԱՇՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԳՈՌՆՈՍ

Next Post

ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԻ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ

Next Post
ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԻ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ

ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԻ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.