Կիրակի, 18 Մայիսին, կազմակերպութեամբ Հնչակեան կուսակցութեան Կիպրոսի միաւորին, տեղի ունեցաւ արդէն աւանդութիւն դարձած դաշտագնացութիւն մը դէպի Գոռնոսի դաշտավայր:
Արդարեւ, տասնեակ ընտանիքներ, համակիրներ, բարեկամներ փութացած էին Գոռնոս, իրենց զուարճալի պահերը եւ հանգստեան ժամերը անցընելու ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ: Պատանիներ եւ երիտասարդներ իրարու հետ հաճելի ժամեր ունեցան հայկական միջավայրի մէջ: Առատ սեղաններու շուրջ, բնութեան գիրկին մէջ յիշատակելի օր մը վայելեցին ներկաները:
Ներկաները իրարմէ բաժնուեցան յառաջիկայ տարի Մայիսի երրորդ Կիրակին դարձեալ իրարու հետ ըլլալու յոյսով ու մաղթանքով: