Հայերս ունինք շատ հին ու շատ ազնիւ ասոյթ մը՝ գրիչդ դալար, որ կը կիրարկենք ամէն անգամ, որ դէմ-յանդիման գտնուինք յաջող գրութեան մը հեղինակին: Այդ մաղթանքը կրնայ տեղի ունենալ անձնական մտերմիկ հանդիպումի մը կամ հրապարակային բազմամարդ հանդիսութեան մը ընթացքին՝ բանախօսի մը կողմէ:
Տրուած ըլլալով, որ դալար կը նշանակէ կանաչ, ապա հարց կը ծագի, թէ կանաչ գոյնը ի՞նչ առնչութիւն կրնայ ունենալ տուեալ երկին յաջողութեան հետ:
Ինչո՞ւ կանաչ եւ ոչ այլ գոյնի գրիչ մը, եւ վերջապէս գոյնը ի՞նչ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ տուեալ գրութեան եւ անոր գտած յաջողութեան մէջ:
* * *
Վերոբերեալ հարցերուն պատասխանելու համար մենք պարտինք երթալ պատմութեան անյիշելի խորերը, երբ առաջին անգամ ըլլալով մարդ արարածը Եփրատի ափին բուսած եղէգէն կտրեց ու ձեւաւորեց գրիչ մը եւ անով իր միտքերը արձանագրեց թաց աւազին կամ փափուկ կաւին վրայ, որով շատ հարուստ են Եփրատի ափերը եւ որոնք եղան իր առաջին գրադաշտերը:
Եւ հազարամեակներու բանաւոր կիրարկումէն ետք ծնունդ առաւ առաջին գրաւոր խօսքը. զի բանն այնու եղեւ գիր:
Բանական էակի մեծագոյն իրագործումն էր այս:\
Այնուհետեւ այդ գրիչը ձեւեր փոխեց, ձեւեր փոխեց գրադաշտն ալ: Եղէգը դարձաւ ոսկոր, գրադաշտը դարձաւ մոմ, ոսկորը դարձաւ մետաղ, գրադաշտը դարձաւ աւելի կարծր՝ չոր կաւ կամ մինչեւ իսկ ժայռ, որուն վրայ այլեւս չէին գրեր, այլ ուղղակի կը քերէին, կը փորագրէին զանոնք՝ ստանալու համար գրային պատկերներ:
Ժամանակի թաւալումին հետ յառաջացան նոր գրադաշտեր՝ փայտը, մագաղաթը, պապիրոսը, եւ նոր գրիչներ, որոնց մէջ իր ուրոյն տեղը ունի սագի փետուրը[1], որ մինչ այդ եղածներուն մէջ ամենայարմարն էր՝ յատկապէս մելանով գրելու համար. ան մինչեւ այսօր ալ խորհրդանշաբար կը պահուի, երբ վաղուց գործածութեան մէջ մտած են մետաղեայ այլազան գրչածայրեր՝ իրենց գրչակոթերով:
Այս բոլորին մէջ եւ անոնց զուգահեռ, եղէգը պահպանեց իր գործածութիւնը մինչեւ Միջին դարերու աւարտը, ըսենք՝ 13-14-րդ դարերը:
Իսկ դալար եղէգով բանաձեւուած մաղթանքը՝ իբրեւ խորհրդանիշ, շարունակեց ուղղուիլ բոլոր տեսակի գրիչներուն՝ անոնք ըլլան ոսկոր, մետաղ, վրձին, փետուր եւ… համակարգիչ. յիշենք թէկուզ Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»-ը.
Եղէգնեայ գրչով երգեցի փառքեր,
-Քեզի ընծա՜յ, իմ հայրենիք…
Երբ Վարուժան կը գրէր այս տողերը, եղէգնեայ գրիչները բազմաթիւ դարերէ ի վեր դադրած էին գործածուելէ, սակայն անոր խորհուրդը կը պահպանուէր, եւ ըսելու պէտք չկայ՝ որ ան շատ երկար պիտի պահպանուի տակաւին:
Իսկ ինչո՞ւ դալար…
Դալարութիւնը կեանքի, կենսունակութեան խորհրդանիշ է. որեւէ բոյս, եղէգը իր կարգին, ողջ է ու կ’ապրի այնքան ատեն որ… դալար է. ան կը մեռնի ու կը փճանայ, երբ չորնայ: Մեր նախնիները վստահաբար չորցուած եղէգէ կը կտրէին իրենց գրիչը, ինչ որ շատ աւելի տոկուն է, բայց հայը անոր դալարութիւն կը մաղթէ խորհրդանշաբար. այստեղ դալար գոյնը կը նոյնանայ տուեալ գրիչով արտադրուող երկերու յաջողութեամբ եւ այդ գրիչը բռնող արուեստագէտին՝ երկարակեցութեան մաղթանքով:
[1] Ֆրանսերէն plume, անգլերէն pen , իտալերէն penna բառերը, որոնք ներկայիս «գրիչ» կը նշանակեն, ծագումով «փետուր» կը նշանակէին: