Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 32  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

  ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)

May 24, 2025
in Յօդուածներ
0

 

 

    «ԱՐԱՐԱՏ», 4-9 Մայիս1970

Այս շաբաթ դա՛րձեալ մեր առջեւ կը ցցուի… Լենինը։ Յաջորդական քանի մը թիւերով՝ լայն տեղ տրուած է Հայաստանէն պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոՖ. Ա. Մնացականեանի մէկ յօդուածին, որ կը կրէ «Հայաստանի պատմական բախտը եւ Լենինի դերը» խորագիրը։ Չ՛արժեր քննել կամ քննարկել հոն ըսուածները, որոնք ծանօթ են բոլորին եւ որոնք միեւնոյն բառամթերքով ու միեւնոյն կաղապարատիպ նախադասութիւններով տասնամեակներ շարունակ անձանձրոյթ կը կրկնուէին խորհրդահայ գրիչներու կողմէ։

Փնտռենք աւելի ինքնուրոյն յօդուածներ։

Ուշադրութիւն կը գրաւէ Հայաստանէն գրականագէտ Ստեփան Կուրտիկեանի «Երկրորդ մահը» վերնագրով գրութիւնը, որ գրուեր է Մեծ Եղեռնի 50-ամեակին առիթով, 1965-ին։ Պատմուածքի նման բան մը՝ երեւակայական բովանդակութեամբ։ Նիւթը հետեւեալն է. Շէյթան անունով ուրուական մը Թալէաթ փաշայի դագաղը կը բանայ, կ՛արթնցնէ զինք իր յաւիտենական քունէն ու թեւը մտած՝ կը սկսի պտտցնել Վոսփորի ափին…։  Թալէաթ շատ դժգոհ կը մնայ հանրապետական Թուրքիոյ քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային անկեալ վիճակէն։ Յետոյ կ՛անցնին Մշոյ կողմերը։ Ամէնուրեք խաւար եւ յետամնացութիւն կը տեսնեն։ Սակայն փաշային աչքերը յանկարծ կը շլանան՝ արեւելեան սահմանին միւս կողմէն ճաճանչող լոյսերէն։ Շէյթանը կը բացատրէ իրեն, թէ անիկա Էրմէնիստանն է, քաղաքամայր Երեւանը, որ հիմա կ՛ապրի աննախընթաց վերելք մը՝ իր Նոր Զէյթունով, Նոր Կիլիկիայով, Նոր Բիւթանիայով, Նոր Արաբկիրով, Նոր Խարբերդով…։ Թալէաթ կը զարմանայ որ յարութիւն առեր է այն ժողովուրդը, որ ինք գերեզմանել փորձած էր 1915-ին…։ Ի տես այս բոլորին՝ փաշան կը մեռնի երկրորդ անգամ ըլլալով…։

Իդէպ, Ստեփան Կուրտիկեան անունը մեր դիմաց կը հանէ երկու տարբեր անձնաւորութիւններ, մին՝ Պոլսոյ շրջանակին մէջ ապրած ու գործած, միւսը՝ Խորհրդային Հայաստանի։ Երկու անունները յաճախ կը շփոթուին իրարու հետ, որովհետեւ երկուքն ալ կու գան Պուրսա քաղաքէն։

Երէց Ստեփան Կուրտիկեանը (1865-1944) նշանաւոր տաճկաբան էր եւ երկար տարիներ թրքերէն, պարսկերէն, արաբերէն ու գրաբար դասաւանդեր էր Պոլսոյ դպրոցներուն մէջ, աշխատակցեր էր արեւմտահայ մամուլին։ Միւսը՝ կրտսեր Ստեփանը (1908-1986), քսանական թուականներուն շրջան մը Սելանիկի մէջ ուսանելէ եւ գործելէ ետք՝ ներգաղթեր էր Խորհրդային Հայաստան եւ մաս կազմեր անոր գրական շրջանակներուն։ Տարիներով խմբագրեր էր «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրը։ Հեղինակ էր բազմաթիւ գիրքերու։

Այս երկրորդ Կուրտիկեանի արձակ մէկ գործին մասին անդրադարձ մը ունի Հրանդ Գանգրունի, այս շաբաթ։ Գիրքը լոյս տեսած է 1969-ին եւ կը կրէ «Պրոլոմեան հովտաշուշաններ» խորագիրը։ Վիպակ մըն է ասիկա եղեր, որ «մեզի կը ներկայացնէ Հայրենական պատերազմի շրջանին Խրիմի թերակղզիին մէջ հայ պարման-պարմանուհիներու Պրոլոմ գիւղի ռուս եւ այլազգի իրենց հասակակիցներուն հետ ընդյատակեայ աշխատանքն ու պայքարը՝ հիթլէրեան բռնակալութեան դէմ»։

Աշխատակից Ս. Պալաթոն անդրադարձ մը ունի խորհրդահայ թատերագէտ Գէորգ Գոյեանի «Հայ թատրոնի 2000 տարին» երկհատոր աշխատասիրութեան մասին։ Գրախօսական մը չէ ստորագրուածը, այլ համեստ գնահատանք մը Գոյեանի վաստակին, ուր շատ ծանր կը կշռէ համաշխարհային թատրոնի պատմութեան հատազօտութիւնը։ Վերոնշեալ երկհատորը ռուսերէն է եղեր եւ լոյս ընծայուեր է 1952-ին, Մոսկուա։ ԹիՖլիսեցի Գոյեան (1901-1982) երկար տարիներ վարիչն եղեր է Մոսկուայի համալսարանի թատերական ամպիոնին։ Պալաթոն զինք կը կոչէ «Հայոց թատրոնի քերթողահայր»։

Բանուորական տօնի՝ Մայիս 1-ի արձագանգները կը շարունակուին այս շաբաթ ալ։ «Արարատ» արտատպեր է Ամերիկայի իր պաշտօնակից «Երիտասարդ Հայաստան»-ի խմբագրականը այդ առթիւ։ Հոն մասնաւորաբար յիշեցում կը կատարուի, թէ Մայիս 1-ը աշխատաւորութեան տօնը ըլլալուն կողքին՝ է՛ նաեւ թերթին հիմնադրութեան տարեդարձը. «67 տարիներ առաջ (իմա՛ 1903-ին — Լ.Շ.) մեր անմահանուն ընկեր Ս. Սապահգիւլեանի եւ Ամերիկայի շրջանի հնչակեան զոհաբերող ընկերներու նախաձեռնութեամբ, Մայիս 1-ին լոյս կը տեսնէր մեր թերթին առաջին թիւը, որ ինքնին խորհրդանիշ մըն էր անոր (իմա՛ Մայիս 1-ի — Լ.Շ.) ուղեգծին ու գաղափարաբանութեան։ Իր գոյութեան այս երկար տարիներու ընթացքին մեր թերթը սրբագործեց այդ գաղափարաբանութիւնը եւ հայ բանուորութեան մէջ արթնցուց դասակարգային գիտակցութինը եւ զայն մղեց դէպի միջազգային բանուորութեան պայքարը»։

    Մայիս 1-ին զուգահեռ՝ «Արարատ» իր ընթերցողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեր է նաեւ Մայիս 6-ի վրայ։ Ասիկա ազգային յուշատօն մըն է Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ (առ այսօր), ոգեկոչելու համար երիտ-թուրք ղեկավար Ճեմալ փաշայի հրահանգով Պէյրութի ու Դամասկոսի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ կախաղան բարձրացուած արաբ մտաւորականներու եւ ազգային գործիչներու հոյլը, 1916-ին։ Թերթը խմբագրականի մը մէջ կը գրէ.

— Լիբանանի քրիստոնեայ եւ մահմետական մարտիրոսները, որոնք կողք-կողքի կը հանգչին եղբայրական փոսի մէջ, իրենց զոհաբերութեան օրինակովը կը ներշնչեն մեզ որ պէտք է մնալ զգաստ՝ թշնամիին դէմ, մերժել դաւանական ամէն վէճ ու հակամարտութիւն։

    Լիբանանը լիբանանցիին կը պատկանի, քրիստոնեային եւ մահմետականին պատկանելէ առաջ, իսկ Լիբանանի թշնամին չի կրնար ոչ մէկ եւ ոչ միւս համայնքին բարեկամը ըլլալ, այլ հասարակաց հակառակորդ մը՝ բոլոր հարազատ լիբանանցիներուն։

    Լիբանանցին ինչ դաւանանք ալ ունենայ, զաւակն է այս հողին ու պարտի մնալ նախանձախնդիր իր հայրենիքի գերիշխանութեան ու ամբողջականութեան պահպանման, մնալ միակամ արտաքին ու ներքին դաւերու դէմ, եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ արիւնով պաշտպանել նահատակներու կտակը, որ լիբանանցիներուն միութիւնն է, ազատութեան դրօշին տակ։

    Արսէն Կիտուրէն դա՛րձեալ յօդուած մը կայ այս շաբաթ։ Խորագիրը՝ «Ազգային միացեալ գերագոյն մարմինի մը գոյացումը»։ Այդ տարիներէն ցայսօր շատ ծամծմուած, քարոզուած եւ սակայն «անյաղթահարելի» խոչընդոտներու դիմաց մի՛շտ ալ վիժած ծրագիր մը…։ Կիտուր կը համադրէ հայ կուսակցութեանց տեսակէտը այդ մասին։ Հնչակեաններու տեսակէտը (որ բանաձեւած է Ժիրայր Նայիրի) կ՛առաջադրէ որ «բռնագրաւուած հողերը կցուին հայութեան ներկայ ազգային պետականութեան սահմաններուն, առանց հաշուի առնելու թէ այդ պետութիւնը Խորհրդային Հայաստան, Արարատեան Հանրապետութիւն, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւն կոչուի»։ Այսպէս է եղեր տեսակէտը ՌԱԿ-ին ալ։ Իսկ Դաշնակցութի՞ւնը։ Անիկա կը պահանջէ եղեր «Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ տիրապետութեան ներքեւ գտնուող հայկական հողամասերու ազատագրումն ու անոնց միացումով եւ ՄԱԿ-ի երաշխաւորութեան ներքեւ՝ միացեալ եւ անկախ Հայաստանի գոյացումը»։ Տակաւին կայ եղեր որոշ շրջանակ մը, որ կ՛ուզէ վերակենդանացնել Արեւմտեան Հայաստանը անջատաբար, ապագային քուէարկութեան արդիւնքի մը թողլով հայկական միացեալ հանրապետութեան մը գաղափարը…։

Անխուսափելի է հարցումը. 55 տարի անց, այսօ՛ր, մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները ո՞ւր հասան իրենց առաջադրանքներուն մէջ։ Հողային դատը «տաք» օրակա՞րգ է տակաւին անոնց ժողովասեղաններուն վրայ։ Զանգուածները արթուն եւ զգա՞ստ են այս հարցին նկատմամբ…։

Այժմ տեսնենք, թէ ի՞նչ հրամցուցեր է այս շաբթուան «Գրական էջ»-ը։

Առանձին սիւնակի մը մէջ քերթուածներ ունին Սամօ (Սարգիսեան) եւ Գալուստ Խանենց (Թեհրանէն)։ Տրուած է մահուան գոյժը հայրենի գրականագէտ Խորէն Սարգսեանի, որ առանձին մենագրութիւններ ունի եղեր Սայաթ-Նովայի, Միքայէլ Նալբանդեանի, Տէրեանի, Բակունցի, Ստեփան Զօրեանի մասին։ Հաղորդուեր է նաեւ մահը Արթիւր Ատամովի՝ ֆրանսագիր հայազգի ականաւոր թատերագրին։ Պէպօ Սիմոնեան գրախօսած է կիպրահայ Վարուժան Պետիկեանի «Սիրոյ եւ կարօտի աղաւնիներ» քերթողագիրքը (Պէյրութ, 1969)։

Ուրի՞շ։ Կարճ մահագրական մը կայ Հալէպէն՝ ընկ. Տիգրան Չագմագճեանի Ա. տարելիցին առիթով։ Հալէպի հնչակեան շրջանակի երիտասարդ ու ղեկավար տարրերէն մին է եղեր ան, արհեստով՝ ոսկերիչ։ Մահացեր է ինքնաշարժի արկածով։

Մահազդով մը՝ Լիբանանի հայոց թեմը գուժեր է վախճանումը Տ. Յովհաննէս քհնյ. Պօղոսեանի։ Ան բազմավաստակ ծխատէր հովիւն է եղեր Նոր Սիս թաղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։

Այս շաբթուան ծանուցումներէն կ՛առանձնացնեմ չորսը.

— «Սփիւռք» շաբաթաթերթի երիտասարդական յաւելուածը՝ «Սփիւռք-Գարուն», չորս նոր գիրքերու հրատարակութեան առթիւ կազմակերպեր է… քացախաձօն մը։ Չորս գիրքերը կը պատկանին եղեր Սիմոն Սիմոնեանի, Գէորգ Աճեմեանի, Գուտցի Միքայէլեանի եւ Վեհանոյշ Թեքեանի։ Ձեռնարկը պիտի հովանաւորուի Արմէն Յարութիւնեանի կողմէ։ Պիտի նախագահէ Պարոյր Մասիկեան (Գահիրէէն)։ Վայր եւ թուական՝ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ սրահ (Տըպպաս հրապարակ), 5 Մայիս։

— Սահակեան շրջանաւարտից միութիւնը իր անդամները հրաւիրեր է «Սահակեանի օր»-ուան հաւաքոյթին, ատենապետութեամբ Յովհաննէս Ճէրէճեանի (9 Մայիս, Սահակեան սրահ)։

— Լեւոն Գաթրճեան աշուղական եւ էսթրատային երգերու երեկոյթ մը պիտի տայ եղեր Սինէ Ռիվիերայի մէջ, Ռուբէն Մուշեղեանի գլխաւորած Գուսան նուագախումբին ընկերակցութեամբ (13 Մայիս)։

— Հայկազեան գոլէճի հայագիտական ամպիոնը իր ժողովրդային լսարանի դասախօսութիւններուն շարքին հրաւիրեր է Վահէ Օշականը, որպէսզի խօսի «Արեւմտահայ վէպի ծագումը» նիթին շուրջ (13 Մայիս)։

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԿԻՐՔԵՐՈՒ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ԴՈՒՐՍ

Next Post

ԳՐԻՉԴ ԴԱԼԱՐ…

Next Post
ԳՐԻՉԴ ԴԱԼԱՐ…

ԳՐԻՉԴ ԴԱԼԱՐ...

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.