Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԻՐՔԵՐՈՒ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ԴՈՒՐՍ

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

May 24, 2025
in Յօդուածներ
0
ԿԻՐՔԵՐՈՒ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ԴՈՒՐՍ

 

 

Անցնող շաբթուայ ընթացքին Հայաստանի Խորհրդարանէն ներս ընդդիմադիր ու իշխանական թեւի պատգամաւորներու ջիղերը բաւական բորբոքած էին, յատկապէս երբ տասը տարի նախագահի պաշտօնը վարած Ռոպերթ Քոչարեանի որդին` Լեւոն Քոչարեանը սկսաւ սեռային բնոյթի հայհոյանքներ ուղղել իր հօր հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնողներուն, որուն հետեւեցան իշխանական պատգամաւորներու բաւականին անսովոր ու բուռն ելոյթները:

Շատերու կարծիքով, տիրող այս իրավիճակը կապուած է սպասուող երկու կարեւոր իրադարձութիւններու հետ: Առաջինը` տարի մը ետք տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններն են, իսկ երկրորդը` դատախազութեան կողմէ Հակափտածութեան դատարան ներկայացուած դիմումն է, որուն համաձայն կը պահանջուի Քոչարեաններու ընտանիքէն բռնագանձել ապօրէն միջոցներով ձեռք ձգուած եւ աւելի քան 200 միլիոն տոլարի հասնող անշարժ գոյքեր, կանխիկ գումարներ եւ տարբեր ընկերութիւններու մէջ շահաբաժիններ: Այս պարագան ոչ միայն կը մտահոգէ ու անհանգիստ կ’ընէ Քոչարեանները, այլեւ բոլոր անոնք, որոնք նախկին իշխանութիւններուն օրով իրենց դիզած հարստութեան որոշ մէկ մասը կորսնցնելու վտանգին առջեւ կը գտնուին:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին ժողովուրդին մօտ Փաշինեանի կառավարութեան հանդէպ միշտ կայ դժգոհութիւն, որ ան չէ կարողացած վերադարձնել այն հսկայական գումարները, որոնք խլուած էին պետական գանձէն, ինչպէս որ խոստացուած էր: Այդ ընելու համար կար երկու միջոց: Առաջինը` իշխանութեան գալէն անմիջապէս ետք գրաւել նախկին բոլոր իշխանաւորներու ու անոնց մերձաւորներու ունեցուածքը: Այս քայլը պիտի հակասէր յեղափոխութեան դաւանած ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներուն: Նոր իշխանութիւնները նախընտրեցին երկրորդ ճանապարհը` օրէնսդրական փոփոխութիւններու ու դատարաններու միջոցաւ կատարել այդ բոլորը: Ընտրելով այս երկրորդ ճանապարհը եօթը տարի պէտք եղաւ հասնելու համար Քոչարեաններու ընտանիքին: Այս է պատճառը, որ անոնք այժմ ոգի ի բռին կը պայքարին իրենց հարստութիւնը պահելու համար, եւ խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցածը այդ պայքարի ձեւերէն մէկն էր:

Խորհրդարանէն դուրս, հայր Քոչարեան, միանալով իր պատգամաւոր զաւկին, սակայն առանց հայհոյանքի, Փաշինեանին վերագրեց միլիոնաւոր տոլարներու իւրացում, զայն կոչելով «Հայաստանի ամէնէն հարուստ մարդը»: Այս տիտղոսը ժողովուրդին կողմէ միշտ ալ վերապահուած է Քոչարեանին ու ան այժմ կը փորձէ խոյս տալ անկէ:

Վերջին օրերուն, նկատելիօրէն բազմապատկուած են նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հասցէին կաշառակերութեան մեղադրանքները, որոնք կը տարածուին ընդդիմադիր թերթերու եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ: Այս բոլորին նպատակը այն է` ժողովուրդին մօտ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ ներկաները աւելի վատն են քան իրենք:

Այս բոլորին հակազդելու համար իշխանական կողմը անցած է հակայարձակումի եւ շատ աւելի խիստ ու հասցէագրուած ձեւով կը հակադարձէ ընդդիմադիրներուն: Իշխանական շրջանակները կը յայտարարեն, որ այլեւս պիտի չլռեն իրենց դէմ հնչող` «թուրք», «դաւաճան», «հողատու», «ապազգային» ու նման այլ որակումներուն ու նոյն ոճով պիտի հակադարձեն այդ մեղադրանքներուն:

Այսպիսով, կարելի է ենթադրել, որ սկսած է խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւններուն մրցավազգը, որ, դատելով այս օրերուն տիրող երեւոյթներէն, կը խոստանայ ըլլալ բաւականին թէժ ու հետաքրքրական: Կը մաղթենք, որ փոխադարձ մեղադրանքները մնան ընդունելի ու քաղաքակիրթ սահմաններու մէջ:

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՆՈՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԸՆԴԱՌԱՋ 

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 32  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 32  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.