Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՆՈՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԸՆԴԱՌԱՋ 

May 24, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Խմբագրական
0
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ   ՆՈՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԸՆԴԱՌԱՋ 

 

Սարդարապատի հերոսամարտին իմաստն ու նշանակութիւնը այդքան հրատապ դարձած չէր, որքան այս օրերուն: 1918-ի եւ մեր օրերուն զուգահեռները բազմաթիւ են ու ցայտուն: Պատմութեան հոլովոյթը կը վերաթաւալի կարծէք ամենայն ճշգրտութեամբ: Համանման իրադարձութիւնները սկաւառակի նման կը կրկնուին մեր աչքերուն դիմաց: Անգամ մը եւս մեր լինելութեան պայքարը դարձած է օրախնդիր եւ գոյութենական հարցը կը կրծէ հոգիները խռովեալ: Սարդարապատի զանգերը դարձեալ կը ղօղանջեն եւ երեւի առաւե՛լ սաստկութեամբ: Աւելի քան հարիւր տարի ետք, նոր Սարդարապատի հրամայականն է ծառացած մեր դիմաց:

1918-ին, երբ հայութիւնը դեռ ուշքի չէր եկած ցեղասպանութեան զարհուրելի հարուածէն, երբ կը տուայտէր իր անհաշուելի կորուստներուն խոր կսկիծով եւ գերմարդկային աւիւնով կը ճգնէր շունչ մը քաշել, ահա օսմանեան զօրքերը սրարշաւ յառաջխաղացքով կը ցանկային ամբողջապէս հաշուեյարդարի ենթարկել հայութեան վերջին մնացորդացն անգամ: Ահեղ ամիսներ կը յաջորդէին իրար 1918-ի սկիզբին, երբ թրքական կանոնաւոր բանակը կը մերձենար Արաքս գետ եւ ապա կ’որոշէր խոյանալ  արեւելեան Հայաստան լիովին վերացնելու հայութեան վերջին բեկորները գօտեմարտող: Չկա՛ր այլընտրանք՝ բացի մահու կենաց պատերազմէն: Օրհասական պահը մէ՛կ պատգամ ունէր՝ մինչեւ վե՛րջին շունչ մաքառիլ յանուն գոյութեան եւ հայրենիքի: Աստեղային ժամն էր մեր պատմութեան, որ պէտք էր դիմակալել անխորտակելի կամքով ու ոգիով:

Ղարաքիլիսա, Բաշ-Ապարան եւ Սարդարապատ թէժ գիծը եղաւ իսկական ռազմաճակատ, ուր օսմանեան եաթաղանն ու հայկական սուինը բախեցան վճռորոշ գօտեմարտով: Մին՝ զաւթողական մոլուցքով, միւսը՝ հայրենի հողին վրայ խաղաղօրէն ապրելու վճիռով: Ուստի, Սարդարապատի հերոսամարտը ռազմարուեստի փայլուն օրինակ մը ըլլալէ անդին՝ բարոյական առումով համազգային պոռթկում մըն էր իր ոգիով: Ան նաեւ ունեցաւ քաղաքական բովանդակութիւն, որովհետեւ հանդիսացաւ հիմնաքարը Հայաստանի հանրապետութեան, որուն վրայ հետագային կառուցուեցաւ եւ շքեղ կերպարանք ստացաւ հայկական պետականութիւնը՝ իր բոլոր ստորոգելիներով: Հետեւաբար, Սարդարապատը, անտարակուսելիօրէն, թուականն է հայոց վերածնունդին՝ իր դարաւոր մահաքունէն: Վկայական մը՝ վերապրելու իրաւունքով: Դաժան ստուգարք մը՝ յաջողութեամբ պսակուած:

Սարդարապատի մարտադաշտ ուղղուած էին բոլորը՝ անխտիր: Խրամատներուն մէջ զինուորն էր իր շինական եղբօր հետ, մայրն էր ու բանուորը՝ կղերականին եւ մտաւորականի կուշտին եւ հրետանաւորն էր՝ հեծեալին կողքին: Եզիտի, ռուս թէ հայ, արցախահայ թէ արեւմտահայ կամ արեւելահայ մէկ պատնէշի ետին ուխտած էին սանձել վայրագ ոսոխը արեան ծարաւի:

Այդ օրերուն, ժողովուրդին տարածուած կոչը կ’ըսէր. «Դիմում եմ ձեզ, ձեր ամուր հաւատքին, ձեր խորունկ հայրենասիրութեանը: Դուք՝ աշխատանքի զաւակներ, դուք ձեր առողջ բնազդով աւելի սուր մրմնջոցով կը զգաք հայ ժողովրդի ցաւն ու զուլումը: Ազգն ու հայրենիքը վտանգի մէջ են: Ելէք, մեր քաջեր, ելէք ձեր կրծքերը դէմ արէք ու դարձէք ամուր պատնէշ թշնամու հանդէպ, այն թշնամու, որ սպառնալիօրէն արշաւում է յեղափոխութեան դէմ, ձեր իրաւունքների, ձեր հողի ու ազատութեան դէմ: 

  Հայե՛ր, կոչն ամէնքիդ ենք ուղղում: Ամէնքը պիտի ոտքի ելնեն՝ զէնք դառնալու կամ զինուորի դժուարին բեռը թեթեւացնելու համար, ամէնքն իրենց մասնակցութեան բաժինը երեւան հանեն, ծերն ու երիտասարդը, հարուստն ու աղքատը, տղամարդն ու կինը, ամէնքը, ամէնքը…»:

Անհաւասար հերոսամարտին արդիւնքը անխուսափելի էր՝ յաղթանակ: Բանաստեղծին իսկ բնութագրումով՝ ելքը գտան «խենթերը»: Այս անգամ,  թշնամիին խուճապահար փախուստը մարտական մկրտութիւնը հանդիսացաւ ժողովուրդի մը, որ նոր դուրս եկած էր Եղեռնի դժոխքէն: Եւ տասնամեակներ հայրենիքի մէջ թէ ամէնուրեք Սարդարապատը յետեղեռնեան յաղթանակին խորհրդանիշը հանդիսացաւ յաջորդական սերունդներու համար: Յարութեան տօնն էր ան փաստօրէն. վերստին կեանքի անհերքելի ապացոյցը: Եւ հոն՝ Սարդարապատի դաշտին վրայ բարձրացաւ վիթխարի կոթողը վերածնունդին, Սարդարապատի հզօր երգը իր խրոխտ երաժշտութեամբ դարձաւ քայլերգ համահայկական: Սարդարապատի զանգերուն ղօղանջները արձագանգեցին հոն՝ ուր հայ կար, ապրող եւ արարող հայ, բաբախուն սիրտով հայորդիք:

Յաջորդ Սարդարապատը արձանագրուեցաւ Արցախի մէջ: «Խենթերը», որպէս հաւատարիմ յետնորդներ նախորդ «խենթեր»ուն, իրենց անօրինակ սխրանքներով կրկնեցին 1918-ի դիւցազնամարտին յաղթանակը: Նոյն շաւիղին հերթական դրուագն էր ան. նոյն ղօղանջին արձագանգը: Այս անգամ այդ յաղթերգը լսուեցաւ Հայաստանի արեւելքէն:

Վերջին պատերազմը իր անյաջող ելքով կը նմանի 1918-ի նախօրէին պատահած ողբերգութեան: Ծանր հարուածը պիտի չըլլայ զգետնիչ ու վերջնական: Այդպէս թուեցաւ 1915-ին եւս, բայց «խենթերը» սպիացուցին վէրքը, դարմանեցին վիշտը: Գորշ մայրամուտին յաջորդեց պայծառ արեւածագը: Ո՞վ կրնայ համոզել, թէ վերջնական է ամէն կորուստ ու անկում: Պատմութեան մէջ չկայ նման բան: Այլ կայ հաւատք վերածնունդի, յոյս ուժերու համախմբումին եւ սերունդներու «խենթ»ավարի ուռճացումին: Յուսալքիչ պահը չի կրնար յուահատութեան նախադուռը հանդիսանալ: Աւելի ահեղ օրերէ ետք վերածնած հայը իր մէջ վստահաբար ունի արիւնն ու աւիւնը վերստին զարթնելու, կորովը լիցքաւորելու եւ նոր ելքեր գտնելու: Թօթափել է պէտք վախի, ընկրկումի, յուսաբեկութեան ծանրածանր հոգեվիճակը: Այո՛, կը կարօտի ժամանակի, սակայն անհնար չէ նման հոգեվիճակ: Ահա շուտով հասակ կը նետեն նոր մարտիկները հայոց, նոր «խենթերը» հայկական:

Կը մնայ պատրաստուիլ նոր Սարդարապատներու համար: Սա համազգային հրամայական է: Պատերազմը, թերեւս խթան մըն էր զգաստանալու, որ նոր Սարդարապատներ կրնան գրաւականները ըլլալ սերունդներու դաստիարակութեան: Այսինքն՝ ղօղանջէ աւելի ահազանգ է որ կը լսենք այսօր: Ահազանգ՝ նոր Սարդարապատներու: Երէկ ան արեւմուտքէն էր, այսօր արեւելքէն, բայց միշտ նոյն սպառնալից եաթաղանով:

Սարդարապատի հերոսամարտի յաղթանակին այս փառահեղ օրուան առիթով, մեր խոստումը պիտի ըլլայ՝ ոտքի՛, նոր Սարդարապատներու տեսիլքով: Սա արդէն կարգախօս չէ, այլ՝ հրամայական…:

 

 

 

 

Share66Tweet41
Previous Post

ՏՈՔԹ. ՎԱՐՈՒԺ ԱԼԹԸՊԱՐՄԱՔԵԱՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՀԿԲՄ-Ի ԴԱՐՄԱՆԱՏՈՒՆ

Next Post

ԿԻՐՔԵՐՈՒ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ԴՈՒՐՍ

Next Post
ԿԻՐՔԵՐՈՒ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ԴՈՒՐՍ

ԿԻՐՔԵՐՈՒ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ԴՈՒՐՍ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.