Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏՈՔԹ. ՎԱՐՈՒԺ ԱԼԹԸՊԱՐՄԱՔԵԱՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՀԿԲՄ-Ի ԴԱՐՄԱՆԱՏՈՒՆ

May 24, 2025
in Գաղութային
0
ՏՈՔԹ. ՎԱՐՈՒԺ ԱԼԹԸՊԱՐՄԱՔԵԱՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՀԿԲՄ-Ի ԴԱՐՄԱՆԱՏՈՒՆ

 

Երէկ առաւօտեան, Նոր Հաճնոյ ՀԿԲՄ-ի դարմանատուն այցելեց «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամի տնօրէն տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանը, ընկերակցութեամբ տիար Հրայր Տանձիկեանի եւ Ս. Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումի վարչական տիկ. Յասմիկ Տեմիրճեանի: Զանոնք  հիւրընկալեցին Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ քհնյ. Հեճինեան, դարմանատան տնօրէնուհի Քաթիա Պոյաճեան, ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինը ներկայացնող ընկերներ տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան եւ տոքթ. Սարգիս Պետիկեան, Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան ատենապետ ընկ. Փօլ Եագուպեան, «Արարատ»-ի տնօրէն ընկ. Նազօ Ճէրէճեան, ՀԿԲՄ-ի վարչական եւ Ազգային խորհուրդի անդամ տիար Կիրակոս Տօնիկեան եւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի ընկ.հի Նորա Սարաֆեան:

Տոքթ. Ալթըպարմաքեան շեշտեց, թէ շրջանը իր սրտին մօտիկ է, որովհետեւ պատանեկութեան մէկ մասը ապրած է այնտեղ: Տէր Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց բարերարին՝ իր անմիջական աջակցութեան համար, մանաւանդ նաւահանգիստի պայթումէն ետք: Բարերարը իր կարգին բացատրեց, թէ քանի մը տարի առաջ դարմանատան անգործունեայ վիճակը անընդունելի էր իրեն համար, ուստի յատկացումներ կատարած էր, որպէսզի շարունակուի կարիքաւորներուն բժշկական անհրաժեշտ ծառայութիւններուն մատուցումը:

Դարմանատան տնօրէնուհին ապա ներկայացուց աշխատանքային իրավիճակը, մինչ ընկ. տոքթ. Ժամկոչեան երախտագիտական յուշանուէրներ յանձնեց տոքթ. Ալթըպարմաքեանին ու Ս. Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումի ատենապետուհի տիկ. Անահիտ Տանձիկեանին, որ ստանձնեց տիկ. Յասմիկ Տեմիրճեանը: Տոքթ. Ալթըպարմաքեան ապա շրջեցաւ դարմանատան մէջ եւ գնահատեց այնտեղ իրականացուող աշխատանքները:

Share65Tweet41
Previous Post

ԱՆՎՃԱՐ ԱՆՑԱԳԻՐ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ

Next Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՆՈՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԸՆԴԱՌԱՋ 

Next Post
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ   ՆՈՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԸՆԴԱՌԱՋ 

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՆՈՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԸՆԴԱՌԱՋ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.