Հայաստանի կառավարութիւնը իր հերթական նիստին ընթացքին որոշեց աւելի քան 27 միլիոն դրամ յատկացնել Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն եւ Հալէպի մէջ գործող հիւպարոսարանէն Հայաստանի անցագիր ստացողներուն պետական տուրքը վճարելու համար: 2025-ի առաջին եռամսեակին Դամասկոսի մէջ տրամադրուած է տուրքը չգանձուած 205 անցագիր, իսկ Հալէպի մէջ՝ 243: