Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին հրապարակուեցաւ հռչակագիր մը, որուն մէջ կը յիշատակուի նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը: «Մենք ուրախ ենք, որ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը համաձայնութեան յանգած են խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին շուրջ ու մեր ակնկալիքն է, որ անհրաժեշտ պայմաններ կը ստեղծուին վերջնական խաղաղութեան հաստատումին համար», նշուեցաւ թրքական հռչակագրին մէջ:
Միաժամանակ, Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարարը յայտնեց, որ իրենք Պաքուի հետ կը պատրաստուին յառաջիկայ 3-4 տարուայ ընթացքին «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումին: Որպէս պատասխան, Երեւանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յստակացուց, թէ «որեւէ հարց կարելի չէ ստիպողաբար լուծել եւ որեւէ Զանգեզուրի միջանցք պիտի չըլլայ»: