Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԼԱՒՐՈՎԷՆ

May 24, 2025
in Միջազգային
0

 

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սէրկէյ Լաւրով խաղաղութիւն կնքելու ջանքերուն վերաբերեալ յաջողութիւն մաղթեց Երեւանին ու Պաքուին, պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակաբար աջակցելու երկու կողմերուն՝ գտնելու համաձայնութեան եզրեր: Լաւրով յայտնեց, որ Երեւանի առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան գործադրութիւնը ունի որոշ նախապայմաններ: Լաւրովի համաձայն, որպէսզի նախաձեռնութիւնը գործադրուի եւ հայկական տարածքն ու հնարաւորութիւնները ներառուին միջցամաքամասային մեծ հոլովոյթներուն մէջ, Հայաստան պէտք է նախ եւ առաջ լուծէ իր խնդիրները Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ հետ: Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարին Երեւան այցելութեան ծրագիրէն չեղարկուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը: Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յստակացուց, որ նման աշխատանքային այցելութիւններու պարագային ծրագիրը կը մշակէ այցելող կողմը, իսկ հիւրընկալ երկիրը կ’ապահովէ ծրագրի գործադրութեան նախապատրաստական ու արարողակարգային աշխատանքները:

Հայ-ատրպէյճանական խնդիրներու լուծում մաղթեց նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Քաւելաշվիլին եւ զոյգ երկիրներու կառավարութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ հակամարտութիւնը դադրեցնելու ուղղութեամբ թափուած ջանքին համար:

 

Share62Tweet39
Previous Post

 «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ»

Next Post

  ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՀՈՍՔԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post

  ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՀՈՍՔԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.