Հայաստանի մէջ գործող «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մանէ Թանտիլեան յայտնեց, որ Պաքուի բանտին մէջ վերջերս հացադուլ յայտարարած լիբանանահայ գերի Վիգէն Էօլճէքեան փոխադրուած է հիւանդանոց: Յիշեցնենք, որ հայազգի գերին անցեալ Ապրիլի աւարտին դիմեց հացադուլի՝ բողոքելով բանտային ծանր պայմաններէն եւ պահանջելով նամակ փոխանցել տիկնոջ:
Այլ հարցով, Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան Յովիկ Աւանեսով ահազանգեց, թէ ատրպէյճանցիները բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի մէջ կործանած են Շարլ Ազնաւուրի կիսանդրին եւս, որ տեղադրուած էր Հայ-ֆրանսական բարեկամութեան պուրակին մէջ: Իսկ Հայաստանի Տաւուշ գաւառ սահմանամերձ Մովսէս գիւղի բնակիչները ահազանգեցին նախանցեալ գիշեր ատրպէյճանական դիրքերէն արձակուած կրակոցներու մասին, որոնք չեն պատճառած որեւէ վնաս: