Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ պիտի շարունակէ առաւելագոյն ջանք թափել՝ յանուն ազատ եւ անկախ Լիբանանի կայացումին, ուր զէնքի գործածութեան մենաշնորհը վերապահուած է պետութեան: Լիբանանին համար ամերիկեան աշխատանքային խումբին ուղղուած ուղերձին մէջ նախագահը շեշտեց զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւններուն կարողութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, որպէսզի պահպանուի երկրին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ան գնահատեց նաեւ ամերիկացի նախագահին եւ գոնկրէսականներուն ջանքերը՝ յանուն Լիբանանի ազատութեան ու գերիշխանութեան: