Լիբանանի հարաւային Լիբանանի եւ Նապաթիէի բնակչութիւնը վաղը կ’ուղղուի քուէակեդրոններ, կատարելու քաղաքապետական ու թաղապետական պարտականութիւնը, այդպիսով փակելով տեղական մարմիններու ընտրութեանց չորս շաբաթներու վրայ երկարած հոլովոյթը, որ ընդհանուր առմամբ ցարդ յատկանշուած է հանդարտութեամբ եւ քաղաքական բուռն առճակատումներու բացակայութեամբ, փոխարէնը կեդրոնանալով ընտանեկան պայքարի վրայ, բացի մայրաքաղաքէն եւ մեծագոյն միւս քաղաքներէն:
Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար կառավարութեան յանձնառութիւնը յայտնեց վաղուայ ընտրութիւններուն, հաւաստիացնելով որ այս փուլը պիտի չյետաձգուի, հակառակ իսրայէլեան խախտումներուն: Հետեւաբար, երէկ Սուրի պետական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քուէատուփերուն յանձնումը ընտրակեդրոններու ղեկավարներուն եւ անոնց օգնականներուն՝ ներկայութեամբ Սուրի գաւառապետին: Մինչեւ երէկ երեկոյեան, Հարաւի եւ Նապաթիէի մէջ յայտարարուած էր քաղաքապետական 95 խորհուրդի եւ 77 թաղապետի ընտրութիւնը՝ մրցակիցներու բացակայութեան պատճառով:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէն հարաւցիներուն կոչ ուղղեց խուռներամ մասնակցելու վաղուան ընտրութեանց, այդ համարելով վերակառուցումի մէկ բաղադրիչը՝ պետութեան եւ քաղաքապետութեանց հետ համագործակցաբար:
Նախընտրական օրերը չանցան առանց իսրայէլեան խախտումներու: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խստիւ դատապարտեց բռնարարքները, սակայն վստահեցուց, որ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները պիտի չյաջողին խափանել ընտրական հոլովոյթը եւ պետութիւնը զրկել քաղաքացիները պաշտպանելու յանձնառութենէն: