Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՄԷՆ ԽՈՍՏԻԿԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿ) (22 Մայիս 1929 – 22 Յուլիս 2003)

May 23, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ԱՐՄԷՆ ԽՈՍՏԻԿԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿ)  (22 Մայիս 1929 – 22 Յուլիս 2003)

 

Նշանաւոր հայ դերասան, կատակերգու, թատերական մեծ եւ փոքր պաստառներու արուեստագէտ, Հ.Խ.Ս.Հ. «Ժողովրդական արթիստ» կոչման արժանացած եւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով  պարգեւատրուած Արմէն Խոստիկեան ծնած է Երեւան։ Դպրոցը աւարտելէ ետք ընդունուած է բժշկական համալսարան, սակայն մէկ տարի անց հասկցած է, որ իր ուղին արուեստի մէջ է, եւ թողած է ուսումը։

1947-1951 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Գեղարուեստա-Թատերական համալսարանի Արմէն Գուլաքեանի ղեկավարած դերասանական բաժնին մէջ։

Ուսանողական տարիներուն մարմնաւորած է զանազան դերեր՝ Փարսիղ (Ղազարոս Աղայեանի «Քանդած օջախ»), Տումանսկի (Աֆինոգենովի «Մաշենկա»), Լաունս (Շէյքսփիրի «Վերոնայի երկու ազնուականները»)։

1951 թուականէն սկսեալ աշխատանքի անցած է Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ, ուր ունեցած է արգասաբեր եւ վաստակաշատ բեմական ուղի։

1990-ականներուն կազմած է դերասանական խումբ մը եւ ներկայացումներով հանդէս եկած է մայրաքաղաքին եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ։

1981 թուականին իր գրած «Աբելիկի արկածները» կատակերգութիւնը բեմադրուած է Սունդուկեանի թատրոնին մէջ։

Արմէն Խոստիկեան բազմաթիւ մասնակցութիւն ունեցած է հայկական ժապաւէններու եւ պատկերասփիւռային թատրոններու մէջ։ Յատկապէս յիշարժան են «Ոսկէ ցլիկ», «Նուագախմբի տղաները» եւ այլ ֆիլմեր։

Աւելի քան երկու տասնամեակ շարունակ ան դարձած է Ամանորի պատկերասփիւռային ծրագրերու սիրելի դէմք։
1987-ին հիմնած է թատերական «Փիւնիկ» սթուտիօն։

Մահացած է Երեւանի մէջ, 2003 թուականին։

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՀԻՒՍԹԸՆԵԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ   ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԳՈՐԾԱՌՆԱԿԱՆ (TRANSACTIONAL) ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՀԱՐԱՒՆ ՈՒ ՆԱՊԱԹԻԷՆ՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՀԱՐԱՒՆ ՈՒ ՆԱՊԱԹԻԷՆ՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՐԱՒՆ ՈՒ ՆԱՊԱԹԻԷՆ՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.