Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԻՒՍԹԸՆԵԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ   ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԳՈՐԾԱՌՆԱԿԱՆ (TRANSACTIONAL) ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ   (Հիւսթըն)

May 23, 2025
in Յօդուածներ
0

 

«L’État c’est moi» (Պետութիւնը ե՛ս եմ)

Կ՛ըսուի թէ Ֆրանսայի վեհապետ Լութովիկոս ԺԴ. ( Louis XIV, 1638-1715) երկրի Ազգային ժողովին առջեւ 13 Ապրիլ 1655 թուականին արտասանած մէկ խօսքի մը ընթացքին, ընդդիմախօսի մը արտայայտութեան իբրեւ պատասխան ըսած է։ «L’État c’est moi» , որ թարգմանի «Պետութիւնը ե՛ս եմ»։

Թէեւ պատմագէտներ հարցականի տակ դրած են այդ արտայայտութեան Լութովիկոս ԺԴ-ին պատկանելու պատմական իրողութիւնը, այսուհանդերձ այդ  արտայայտութեան միտք բանին կը համընկնէր այդ շրջանին տիրող վեհապետական բացարձակ իշխանութեան մտայնութեան եւ տրամադրութիւններուն հետ։

Անշուշտ այդ օրերուն տիրող այդ մտայնութիւնը յատուկ չէր Ֆրանսայի պարագային միայն, այլեւ տիրական էր աշխարհի միւս երկիրներու եւ պետութիւններու մօտ նաեւ, այդ ժամանակներու ընդունուած դրոյթին եւ սովորութեան համաձայն։

Ինչո՞վ կը յատկանշուէին այդ վեհապետական կարգուսարքի տիրական եւ հիմնական ստորոգելիները։

17-րդ դարու վեհապետական բացարձակապետութիւնը կը նշանակէր, որ իշխող անձէն դուրս որեւէ այլ վաւերական կամ իրաւական ուժ գոյութիւն չունէր։ Վեհապետը Աստուծոյ «ներկայացուցիչ»ը կը համարուէր երկրի վրայ, հետեւաբար իր արարքներուն համար պատասխանատու չէր հասարակ մահկանացուներուն առջեւ։ Միաժամանակ այդ «երկնային» կարգադրութիւնը զինք միակ իրաւասու իշխանութիւնը կը կարգէր  երկրի օրէնսդրական, արդարադատական, զինուորական, հարկային  եւ կրօնական հարցերու պարագային։ Այդ թագաւորական իշխանութեան ծիրին մէջ ընդդիմախօսութեան տեղ չկար, հետեւաբար կարծիքի ազատ արտայայտութիւնը բացակայ էր հանրային կեանքի ասպարէզէն ներս։ Մէկ խօսքով, պետութիւնը կը նոյնանար վեհապետի անձին հետ, այնպէս ինչպէս որ բնութագրուած է Լութովիկոս ԺԴ-ի վերագրուած այդ նշանաւոր արտայայտութեան մէջ։ Ուրեմն զարմանալի չէ որ այդ պայմաններուն տակ տիրող պետական վարքագիծը աւելի գործառնական (Transactional)  բնոյթ ունէր, եւ կայացուած որոշումները կ՛արտայայտէին վեհապետի քմայական եւ անձնական նախասիրութիւնները, տրամադրութիւնները եւ վճիռները։

Այդ կացութեան դէմ բողոքի եւ խուլ դիմադրութեան շարժումներ տակաւ կը ձեւաւորուէին եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ 17-րդ դարէն սկսեալ։ Արդարեւ, շնորհիւ լուսամիտ մտածողներու ընկերային եւ փիլիսոփայական խորք ունեցող գրութիւններուն, որոնք կը միտէին սանձելու վեհապետական իրաւասութիւնները, ջանք կը տարուէր այդ բացարձակապետական դրոյթի փոխարէն զարգացնելու ներկայացուցչական եւ խորհրդարանական դրութիւն մը՝ վեհապետի կողքին, երկրի քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու կարգաւորման  եւ տնօրինումի տեսակէտէն ձայն տալու համար նաեւ երկրի այլ հեղինակաւոր ոյժերուն։ Վեհապետական-խորհրդարանական այդ բուռն պայքարը որ ծաւալեցաւ այս երկու հակառակորդ ոյժերուն միջեւ աւարտեցաւ, օրինակի համար, Անգլիոյ պարագային Գարոլոս Ա. (Charles I , 1600-1649) , եւ Ֆրանսայի պարագային Լութովիկոս ԺԵ. (Louis XVI, 1754-1793) թագաւորներու գլխատումով, Ֆրանսական յեղափոխութեան բերած յեղաշրջումներով։ Իսկ Ամերիկեան Յեղափոխութեան յաղթանակը 1765-ին վերջ դրաւ Նոր Աշխարհի նահանգներուն մէջ անգլիական վեհապետութեան  ներկայութեան, զայն փոխարինելով սահմանադրական հանրապետական կարգուսարքով մը, ուր Օրէնսդիր, Գործադիր եւ Արդարադատական իշխանութիւնները սահմանուած էին գործելու իրարմէ անկախ, համահաւասար եւ հաւասառակշռուած իրաւասութիւններով  պահպանելու համար ժողովրդավարական գործելակերպը։

 

Հակասահմանադրական քայլեր

Դիւրին չէ եղած սահմանադրական այս կարգուսարքի գործնականացումը եւ գործադրութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային կեանքին մէջ անցնող 238 տարիներու ընթացքին, մանաւանդ երբ զանազան ներքին տագնապներ փորձութեան մատնած են սահմանադրական տրամադրութիւնները եւ հրամայական դարձուցած են անոր կարգ մը յօդուածներու բարեփոխումը՝ ժամանակներու ոգիին համաձայն ազգային  նորանոր մարտահրաւէրներու եւ առաջնահերթութիւններու յարմարելու համար։ Սակայն այդ բոլոր դժուարութիւններու եւ տագնապներու ընթացքին միշտ յարգուած են սահմանադրական ոգին եւ երկրի իշխող կառոյցի բաղկացուցիչ երեք ոյժերուն իրաւասութիւններու սահմանները։ Այս տրամաբանական յառաջդիմութիւնը ո՛չ միայն զօրացուցած է Ամերիկայի ազգային միասնականութեան հիմնական նախապայմանները, այլ նաեւ ներշնչած է ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական այնպիսի քայլերու զարգացումը, որ առիթ տուած է նախապէս  իրաւասութիւններէ եւ իրաւունքներէ զրկուած զանգուածներուն   իրենց արժանի տեղը գրաւելու ազգային կեանքէն ներս։

Սահմանադրական այս հաւասարակշռութիւնը լրջօրէն խախտուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի  երկրորդ պաշտօնավարութեան առաջին օրէն իսկ։ Նախագահ Թրամփ 2024 թուականի ընտրապայքարի ընթացքին քանիցս կէս լուրջ-կէս կատակ կերպով յայտարարած էր, որ կը միտէր «միօրեայ բռնապետ» մը ըլլալու իշխանութեան տիրացած առաջին օրը։ Ու իբրեւ գործնական արտայայտութիւն այդ փափաքին, ան ձեռնամուխ եղաւ պաշտօնավարութեան առաջին օրն իսկ ստորագրելու «Գործադիր հրամանագրեր», որոնք իրենց բովանդակութեամբ եւ տարողութեամբ սահմանադրութեան նախատեսած տրամադրութիւններէն դուրս քայլեր կը նպատակադրէին։ Թէեւ Ամերիկայի Սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածը երկրի նախագահին իրաւասութիւն կու տայ «Գործադիր հրամանագիրով կառավարական մարմիններուն հրահանգելու կամ պատգամելու, թէ ինչ ձեւով օրէնք մը կրնայ գործադրուիլ»,  այդ նոյն յօդուածը սակայն նախագահին լիազօրութիւն չ՛ընծայեր որ նոր օրէնքներ հաստատէ, նկատի առնելով որ այդ իրաւասութիւնը վերապահուած է երկրի Ներկայացուցիչներու տան, ըստ սահմանադրութեան։

Նախագահ Թրամփի ստորագրած քառասունէն աւելի «Գործադիր հրամանագրերը»  այժմ  Արդարադատական իշխանութեանց կողմէ հարցադրումի   կ՛ենթարկուին, անոնց սահմանադրական խնդրայարոյց բնոյթին եւ բովանդակութեան համար։ Այս «գործառնական» որոշումները, որոնց մեծամասնութիւնը  խակ, քմահաճ եւ քաղաքական ծրագրերու բնոյթ կը կրեն, այժմ կը բախին արգելքներու, որոնք Ամերիկեան Սահմանադրութեան  կերտիչները իմաստօրէն տեղադրած էին 1789-ի Սահմանադրութեան յօդուածներուն մէջ, ապահովելու համար ժողովրդավարական կառոյցներու  անխափան գործունէութիւնը։

 

Մտահոգիչ յանկերգներ

Արդարեւ, նոյնքան մտահոգիչ դարձած է նախագահ Թրամփի կրկնած յանկերգը պետական վարչամեքենան մաքրագործելու «ձախակողմեան եւ համայնավար տարրերէ»։ Շատեր չեն հասկնար, թէ ուրկէ՞ կու գան այս բնորոշումները ամերիկեան ներկայ քաղաքական բառացուցակին մէջ։ Անցեալին, «Պաղ պատերազմ»ի տարիներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այսպիսի պիտակաւորումներ  եւ սահմանումներ երեւան եկան եւ վտանգաւոր հետեւանքներով յղի փորձութիւն մը հանդիսացան երկրին համար, երբ հանրապետական ծերակուտական Ճոզէֆ ՄըքՔարթի (Joseph McCarthy 1908-1957) կատաղի պայքար մը շղթայազերծեց 1950-1954 թուականներուն, արուեստի, գիտութեան եւ զանազան ասպարէզներու մէջ իբրեւ «համայնավար» ճանչցուած կամ պիտակաւորուած անձնաւորութիւններու դէմ։ Այդ թունալից հալածանքը խիստ հարուած մը հասցուց Ամերիկայի ազգային եւ քաղաքական կեանքին եւ պատճառ դարձաւ շատ մը անմեղներու եղերական վախճանին։ Ի վերջոյ ժողովրդային զայրոյթը պատճառ եղաւ որ ծերակուտական Ճոզէֆ ՄըքՔարթի իր պաշտօնակիցներու կողմէ խայտառակուի ու շնորհազրկուի։ Այնպէս կը թուի, թէ նախագահ Թրամփ այդպիսի անգոյ ուրուականներ կը փնտռէ նորօրեայ ամերիկեան հորիզոնին վրայ ընդդիմադիրները չէզոքացնելու համար։ Այդ ընդդիմադիրներու կարգին ան դրած է նաեւ անհատական կարգով գործող եւ իրենց պատմութեամբ քաջածանօթ համալսարաններ, արգելք հանդիսանալու համար այդ հաստատութիւններէն ներս ազատ մտածողութենէ բխող քննարկումներու։

Այս ամէնը կու գան փաստելու, որ   նախագահ Թրամփ կը նախընտրէ  երկիրը ղեկավարել առաջնորդուած իր գործառնական նախապատուութիւններէն, բնազդներէն եւ նախասիրութիւններէն, անտեսելով երկրին սահմանադրական տրամադրութիւնները, որոնք ժողովրդավարական կառոյցին մէջ կարգ ու կանոն կը հաստատեն։

Անցնող երեք-չորս ամիսներուն նախագահ Թրամփի ստեղծած տակնուվրայութենէն  մարդ կը տարուի մտածելու, թէ կէս լուրջ-կէս կատակ «մէկ օրուայ բռնապետ» ըլլալու մտադրութիւնը այդքան ալ կատակ չէ եւ թէ այժմու գործադիրը վեհապետական բացարձակ իշխանութեան նմանող վարչակարգ մը կ՛ուզէ հաստատել նախագահական ամպհովանիին տակ, անտեսելով սահմանադրական կառոյցները եւ անոնց իրաւասութիւնները եւ անգիտանալով անցնող 400 տարիներու պայքարը, որ զօրացուցած է ժողովրդավարութեան հիմունքները մեր արդի ընկերութեան կեանքին մէջ։

Բարեբախտաբար Լութովիկոս ԺԴի «L’État c’est moi» ասոյթը հեռաւոր անցեալին կը պատկանի ու մենք կ՛ապրինք 21-րդ դարու մէջ, ազատութեան, իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական  կառոյցներու հովանիին տակ։

 

 

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ, ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՇԱՌԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ (ԾՆՆԴԵԱՆ 100+1-ԱՄԵԱԿ) (Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան, 1924–2018)

Next Post

ԱՐՄԷՆ ԽՈՍՏԻԿԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿ) (22 Մայիս 1929 – 22 Յուլիս 2003)

Next Post
ԱՐՄԷՆ ԽՈՍՏԻԿԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿ)  (22 Մայիս 1929 – 22 Յուլիս 2003)

ԱՐՄԷՆ ԽՈՍՏԻԿԵԱՆ (ԾՆՆԴԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿ) (22 Մայիս 1929 – 22 Յուլիս 2003)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.