«Վերջապէս, դժուար կեանքս ու խաբուած սէրերս են, որ զիս դարձուցին այն, ինչ որ եմ, եւ համարձակութիւն կ՚ունենամ ըսելու՝ թող ինքնագովութիւն չթուայ, բայց ինքզինքս կը սիրեմ»։ Շառլ Ազնաւուր
– Շառլ Ազնաւուրը հայազգի աշխարհահռչակ երգիչ, երգերու հեղինակ, դերասան, դիւանագէտ եւ հասարակական գործիչ էր։ Ան ծնած էր Փարիզի հայ գաղթական ընտանիքի մը մէջ։ Իր ստեղծագործութիւններով ան դարձաւ Ֆրանսայի ամենանշանաւոր երաժիշտներէն, ճանչցուեցաւ որպէս դարու երգասացներէն մէկը եւ եղաւ իր ժամանակներու ամենայայտնի հայերէն մին։
Իր իսկական անունն էր Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան, բայց բեմաշխարհը զինք ճանչցաւ որպէս Շառլ Ազնաւուր։ Ան առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 9 տարեկանին՝ Փարիզի մէջ։ Երբ 22 տարեկան էր, գրաւած է աշխարհահռչակ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի ուշադրութիւնը, որ զինք ընդգրկած է իր շրջագայութիւններուն մէջ՝ Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին։
– Ազնաւուր հեղինակած է ութ լեզուներով 800-է աւելի երգեր եւ նկարահանուած է 80-է աւելի ֆիլմերու մէջ։ Իր առաջին երգը՝ «J’ai Bu», գրած է 1950 թուականին։ Անոր յաջորդած են բազմաթիւ անմոռանալի ստեղծագործութիւններ՝ «La Bohème», «She», «Emmenez-moi», «Hier encore», «For me, Formidable», որմով զինք համեմատեցին Ֆրենք Սինաթրայի հետ՝ պարգեւելով անոր «Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրա» պատուանունը։
Իր սրտին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունեցած էր հայկական մշակոյթը։ Ան ձայնագրած է հայկական ժողովրդական երգեր՝ այդ շարքին Սայաթ-Նովայի անմահ «Իմ Եարը»։ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին ան գրած է սրտառուչ «Ils sont tombés» («Անոնք ինկան») երգը։
– 2006 թուականին, Ազնաւուր սկսաւ իր «հրաժեշտի շրջագայութիւնը»՝ նախ ԱՄՆ-ով, ապա Գանատայով։ 2007-ին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստան, Ճափոն եւ ամբողջ Ասիա։ 2009-ին համերգներու կանգառներ ունեցաւ Ֆրանսա, Պելճիքա եւ Հոլանտա։ 2011-ին՝ Ռուսաստան, 2012-ին՝ Վրաստան, 2013-ին՝ Լոնտոն։
2014-2016 թուականներուն ան շարունակեց իր միջազգային շրջագայութիւնները՝ ներկայանալով Պրիւքսէլ, Պերլին, Ֆրանքֆորթ, Պարսելոնա, Մատրիտ, Վարշաւա, Փրակ, Մոսկուայ, Պուխարեսթ, Անթվերփեն, Լոնտոն, Տուպայ, Մոնրէալ, Նիւ Եորք, Պոսթըն, Մայամի, Լոս Անճելըս, Օսաքա, Թօքիօ, Լիզպոն, Մարպելիա, Մոնաքօ, Վերոն, Ամսթըրտամ եւ ի հարկէ՝ Փարիզ։
2018 թուականին՝ արդէն 94 տարեկան, Ազնաւուր տակաւին բեմի վրայ էր։ Իր վերջին շրջագայութիւններու շարքին ելոյթ ունեցաւ Սան Փաուլօ, Ռիօ Տէ Ժանէյրօ, Սանթիակօ, Պուէնոս Այրէս, Մոսկուայ եւ Վիեննա։
– Բացի իր հարուստ եւ փայլուն բեմական «քարիէրա»էն, Ազնաւուր նաեւ ազդեցիկ դիւանագէտ ու հասարակական գործիչ էր։ Ան նշանակուած էր Հայաստանի դեսպան Զուիցերիոյ մէջ, ուր նաեւ կ’ապրէր։ Զուգահեռաբար, ան ներկայացուցած է Հայաստանը ՄԱԿ-ի Ժընեւեան գրասենեակին մօտ՝ որպէս մշտական ներկայացուցիչ։
Հայաստանի մէջ այսօր կը գործէ Ազնաւուրի անունը կրող հրապարակ, թանգարան, ինչպէս նաեւ անոր «Հայկական տունը»՝ ստեղծուած որպէս մշակութային կեդրոն։ Իր բացառիկ վաստակին համար Շառլ Ազնաւուր արժանացած է «Հայաստանի Ազգային Հերոս» բարձրագոյն կոչման։ Հայ ժողովուրդը զինք կը դիտէ ոչ միայն որպէս աշխարհահռչակ արուեստագէտ, այլ նաեւ իբրեւ անկրկնելի հայրենասէր ու ազգի զաւակ։
– Շառլ Ազնաւուր ամուսնացած է երեք անգամ։ Իր առաջին կնոջ՝ Միշելին Ռիւկէլի հետ ամուսնացած է 1946 թուականին։ Այս ամուսնութիւնը երկար չտեւեց եւ աւարտեցաւ ամուսնալուծութեամբ։
1956 թուականին Ազնաւուր երկրորդ անգամ ամուսնացած է Էվելին Պլէսիի հետ, սակայն այս կապն ալ ժամանակի ընթացքին լուծարուած է։
Ի վերջոյ, 1967 թուականին, ան ամուսնացած է Ուլլա Տորսելիի հետ՝ իր երազի ամուսնութիւնը, որու հետ միասին ապրած է ամբողջ կեանքը։
Շառլ Ազնաւուր վեց զաւակ ունի։ Իր դուստրը՝ Սեդա Ազնաւուր, հետեւած է հօր երաժշտական ուղիին եւ նոյնիսկ երգեր ձայնագրած են միասին՝ իբրեւ «տուէթ»։
Շառլ Ազնաւուրի զաւակներէն՝ Միշան, դերասան եւ ֆիլմարտադրող է, իսկ դուստրը՝ Գաթիան, դերասանուհի։
Ազնաւուրի մէկ այլ որդի՝ Նիքոլա Ազնաւուրը, Հայաստան այցելութեան ընթացքին մկրտուած է Տաթեւի վանքին մէջ։
– Շառլ Ազնաւուրի արձանը կանգնեցուած է Կիւմրիի մէջ՝ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը։ Այս յուշարձանը կանգնեցուած է ի նշան երախտագիտութեան՝ 1988 թուականի աղէտալի երկրաշարժէն ետք Ազնաւուրի բարեգործական գործունէութեան համար։
– Մեծ հայը մահացաւ 2018 Հոկտեմբեր 1-ին, 94 տարեկան հասակին, Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի հիւսիս գտնուող Մուրիէ գիւղի իր տան մէջ, վշտակից դարձնելով ինչպէս հայ ժողովուրդը, այնպէս ալ՝ աշխարհի տարբեր անկիւններ բնակող մարդկութիւնը: Իր արուեստին, մարդկայնութեան եւ հայրենասիրութեան համար Շառլ Ազնաւուր անունը պիտի յիշատակուի յաւերժ:
ՇԱՌԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՓԱՍՏԵՐ
1) Շառլ Ազնաւուրը չէր սիրեր, երբ իրեն «կենդանի առասպել» կը կոչէին։
2) Ան չէր սիրեր նշել իր տարեդարձը եւ չէր սիրեր յիշել իր տարիքին մասին։ Իր գլխաւոր համոզումը այն էր, որ մարդ, նոյնիսկ ծերութեան մէջ, պէտք է ապրի այնպէս, կարծէք թէ 30 տարեկան է։
3) Իր տան մէջ Ազնաւուր ուզած էր իւրաքանչիւր սենեակ կահաւորել տարբեր ժամանակաշրջանի ոճով։
4) Ազնաւուրի ձայնագրութիւններու ամբողջութիւնը մօտ 80 սմ բարձրութիւն ունէր ու կը կշռէր մօտաւորապէս 8 քիլոկրամ։
5) 2010 թուականին լեռնագնաց Սերկէյ Քայֆաճեան բարձրացած է Փամիրի գագաթներէն մէկը, որ անուանակոչած է հանրաճանաչ հայ «շանսոնիէ» Շառլ Ազնաւուրի անունով։ Լեռան գագաթին ան տեղադրած է համբաւաւոր հայրենակիցին նկարը։
6) Ազնաւուր ունեցած է իտալական ճաշարան մը՝ իբրեւ առանձնայատուկ տուրք իր ընտանեկան աւանդութիւններուն։ Իր հօր պատկանող «Կովկաս» ճաշարանին մէջ հաւաքուեր են ռուս եւ հայ գաղթականներ, ինչպէս նաեւ փարիզեան մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ։
7) Ազնաւուր մեծ երկրպագու էր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի տաղանդին։
8) 2000 թուականի Նոյեմբերին, 76-ամեայ երգիչը նշանակուած էր Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար։