Ա՜խ այս Լիբանանը:
Վա՜խ համայնքային-յարանուանական կործանարար կառոյցին զոհ լիբանանցին: Իր Իսկ հայրենիքին մէջ՝ ճար չունեցող՝ անճար, բայց դուրսի աշխարհին մէջ՝ հանճար:
Հիմնական պատճա՞ռը (մեր համեստ կարծիքով) համայնքային-յարանուանական կառոյցն է: Օրինակներու շարքը երկա՜ր է, բայց մենք գոհանանք ներկայացնելով քանի մը հատը միայն:
Անճար:
Մասնագէտ, ազդեցիկ, ոչ-հայ բարեկամ մը մէկուկէս տարի ջանք ու ճիգ չխնայեց որպէսզի հայուհի մը պաշտօնի բարձրացում ունենայ պետութեան մէջ եւ ըլլայ իր բաժանմունքին պետը:
Ինչո՞ւ պետը. «որովհետեւ եթէ քաղաքացիին իրաւունքն է մինչեւ վերջին դահեկանը կը ստանայ, իսկ եթէ իրաւունքը չէ՛, նախագահին միջամտութիւնն անգամ օգուտ չունի», կ’ըսէր բարեկամս:
Իսկ ինչո՞ւ անճար: Որովհետեւ այդ պաշտօնը ոչ-հայ համայնքի մը կը պատկանի ԵՂԵ՜Ր: Անճար մնացողներուն կողքին անճարակներ ալ կան անշուշտ: Գործի բերումով առիթը ունեցանք ծանօթանալու պետական պաշտօնեայի մը եւ վկաները եղանք իր աչքառու անճարակութեան: Թուաբանական նուազագոյն հաշիւ մը ընելու կարողութիւնը չունեցող երիտասարդ մը: Հաշուիչ մեքենան գործածելու պայմանաւ, տասը առ հարիւր շահը ինչպէ՞ս 15 առ հարիւրի վերածել չգիտցող պարոն մը: Իր պաշտօնին կոչուած էր պարզապէս որովհետեւ նոյն համայնքէն ուրիշ թեկնածու մը չէր ներկայացած:
Հանճար:
Դուրսի հանճարեղ լիբանանցիներէն քանի մը օրինակ: Կարեւորութեան շարքը անկապ:
1.- Գարլոս Ղոսն
Ոչ միայն սնանկութենէ փրկեց Renault (ֆրանսական) – Nissan (ճափոնական) ինքնաշարժներու ընկերութիւնները, փակե՛ց միլիառներու հասած պարտքերը, զանոնք հասցուց գագաթներու:
Իրմէ ետք ջրհեղեղ:
Կրկին սնանկութեան ճամբան բռնած, խեղդամահ ըլլալու վտանգին հասած ընկերութիւններ:
2.- Ռուտոլֆ Սաատէ
CMA-CGM առեւտրական նաւատորմի մը տէրը: Համաշխարհային, հսկայ տիտան մը: Կեդրոնը Ֆրանսա: Այսօր ծրագրած է 20 միլիառ տոլարի ներդրում մը կատարել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, 10 հազար հոգիի գործ հայթայթելով:
Քանի մը օրինակ ալ Զուիցերիայէն:
3.- Նիքոլա Հայէք
Համբաւաւոր Swatch մակնիշին հիմնադիրը: 1960-ական թուականներուն, ճափոնական թուային (digital) ժամացոյցները աւեր գործած էին Զուիցերիոյ տնտեսութեան ողնայարներէն՝ ժամացոյցի արտադրութեան եւ ճարտարարուեստին մէջ: 60 հազար անգործ: Երկրին ամբողջ տնտեսութիւնը անկումի մէջ էր: Swatch-ի նորարարութեամբ եւ անկէ ետք իր առած քայլերով, Հայէք ոչ միայն փրկած եղաւ Զուիցերիոյ հպարտութիւնը եղող ժամացոյցի ճարտարարուեստը, այլեւ կեանքի կոչեց երկրին ամբողջ տնտեսութիւնը: Դիւանագիտական բարձր պաշտօնով անձինք բազմիցս ըսած են համեստիս. «մեզ երկու հատ Հայէք տուէք, ուրիշ բան չենք ուզեր աշխարհէն»:
4.- Ժիլպէր Ղոսթին
Firmenich ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնը:
Երկրագունդի վրայ, 3-3,5 միլիառ մարդ օրակա՛ն (այո՛, ամէն օր) կ’օգտագործեն իրենց արտադրութիւնները: Համի՛, հոտի եւ բոյրի հետ կապուած ամէն արտադրութիւն իրենց մասնագիտութիւնն է: Անուշահոտ, օճառ, լուացքի դեղ կամ այլ որեւէ արտադրութիւն, որուն մէջ իւրայատուկ հոտ կամ բոյր կայ, իրենց կը պատկանի բովանդակութեան գաղտնիքը: Starbucks սուրճի կամ ուտելիքներու ամէն մէկ մակնիշի բացառիկ համը իրենց ուսումնասիրութեան կը պարտինք:
30 հազար պաշտօնէութեամբ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ընկերութիւն մը: 120 տարի ետք, առաջին անգամ ըլլալով ընտանիքէն դուրս տնօրէն նշանակուեցաւ մեր պատուաբեր լիբանանցին:
5.- Մակտի Պաթաթօ
Nestle՛-ի գործադիր (նախկին) փոխնախագահ:
Համաշխարհային համբաւ վայելող ընկերութիւն մը: Կար ժամանակ երբ աշխարհով մէկ պաշտօնէութեան թիւը հասած էր 470 հազարի, այսինքն՝ մօտ կէս միլիոնի:
Իր օրերուն, ընկերութեան տարրալուծարանները ի յայտ բերած էին, որ շաքարաւազի հատիկին դուրսի մակերեսը աւելի անոյշ համ ունի քան ներքին մասը:
Գիտականօրէն յաջողած էին պարպել շաքարաւազի այդքան փոքր հատիկներուն միջուկը: Միայն դուրսի մասը օգտագործելով պիտի ունենայինք աւելի անոյշ համ մը ունեցող, բայց ջերմուժը (calorie) նուազ ուտելիքներ:
Աշխատանքները կը շարունակուէին եղած գիւտը առեւտրականօրէն ձեռնտու դարձնելու համար:
Հինգ հարիւրի, հազարի կամ շատ աւելիի փոխարէն միայն հինգ անուն: Բաւարարուինք: Աւելին կը ճապաղի:
Անճարակներուն մասին ըսելիք չունիմ, բայց Աստուած օգնական ըլլայ Լիբանանի մէջ «բանտարկուած» եւ անճար մնացած հանճարեղ հանճարներուն:
Նորանոր յաջողութիւններ «դուրսիններուն»:
Ամենայն բարիք բոլորին: