Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ  ԱՆԻԻ ՆՈԹԱՏԵՏՐԸ 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ  

May 23, 2025
in Յօդուածներ
0
ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ   ԱՆԻԻ ՆՈԹԱՏԵՏՐԸ 

 

2020-2023 թուականներուն Արցախի շուրջ ծաւալած իրադարձութիւնները, պատերազմին արհաւիրքը, արցախահայութեան շրջափակումն ու բռնի տարագրութիւնը, մշակութային ու հոգեւոր աղէտը, մեր ազգային ողբերգութենէն ծնած յոյզերն ու վիշտերը դեռ շա՜տ պիտի խռովեն մեր հոգիները, պիտի յուզեն գիրի ու գրականութեան նուիրեալները, պիտի փոթորկեն սերունդներուն զգացումները, պիտի խեղդեն հարուածեալ սիրտերը եւ պիտի սեղմեն կոկորդները:

Իհարկէ, արցախահայերը վճարեցին ամենածանր գինը այս պատուհասին: Եւ իրենց հոգեխռով ապրումներն ու անցած ուղին, միայն իրենք է որ կրնան լիակողմանիօրէն արտայայտել ողջ հանրութեան՝ ըլլայ գրաւոր թէ բանաւոր կերպով: Եւ արդէն հրապարակի վրայ առկայ են բազմաթիւ հատորներ այս առնչութեամբ:

Ահաւասիկ անոնցմէ է Անի Մանգասարեանի «Անիի Նոթատետրը» գիրքը, որուն ենթախորագիրն է՝ «Պատերազմը հնարաւոր չէ յօրինել…»: 103 էջանի հատորիկը կը բաղկանայ երկու մասերէ՝ հայերէն եւ անգլերէն (Ani’s Diary – War Cannot Be Invented…): Արցախի Գրողներու Միութեան նախագահ (այժմ Երեւան հաստատուած) Նորեկ Գասպարեան գիրքի ներածական գրութեան մէջ կը լուսաբանէ՝ «Այս նոթատետրի էջերում պատերազմն է. ԵՐԿԻՐ կորցրածի ցաւն ու ողբերգութիւնը, որը, ցաւօք, շատ քչերը միայն կարող են պատկերացնել ու ընկալել». ան կ’եզրակացնէ այսպէս՝ «Եւ Անին չի պատմում, Անին ապրում է իր պատերազմը…»: Հոն կը պարզուի, որ Անի Մանգասարեանը ապրած ու տեսած է արցախեան չորս պատերազմներ՝ 1992-ին, 2016 Ապրիլին, 2020 Սեպտեմբերին եւ 2023 Սեպտեմբերին եւ ուրեմն՝ չապրած մանկութիւն, սպաննուած պատանեկութիւն, պատառոտուած երիտասարդութիւն… անորոշ ծերութիւն:

Հեղինակը ծնած է Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղը: Բանասէր է. աշխատած է որպէս հաղորդավար, լրագրող եւ խմբագիր: Այս նոթատետրին գրառումներով, ան արցախեան դէպքերը համառօտակի կը պատմէ հարազատ նկարագրութիւններով, սրտի թրթիռով եւ կենդանի ապրումներով: Կը սկսի 12 Դեկտեմբեր 2022-ի Արցախի պաշարումով, երբ բնապահպանական պատրուակով ազերիներ փակեցին Լաչինի ճանապարհը, որուն ապահովութիւնը կը գտնուէր ռուսական խաղաղապահ զօրքերուն հսկողութեան տակ: Շրջափակման մէջ յայտնուեցաւ Արցախի 120 հազար բնակիչ, որուն 30 հազարը՝ երեխայ: Դեկտեմբեր 17-ի տխուր մտորումը՝ «Ես հասունացայ պատերազմների մէջ, իսկ աղջիկս՝ շրջափակման»: Ապա՝ Դեկտեմբերի վերջին օրերուն ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը՝ հոսանքի անջատումներ, սնունդի հարցեր, բողոքի հաւաքներ, միջազգային բարի խօսքեր՝ առանց շօշափելի քայլերու, առողջապահական հարցեր, դեղօրայքի սակաւութիւն, Արցախի տարբեր վայրերու միջեւ կապի դժուարութիւններ եւ ամանորեան դառն մտորումներ: Ան կը գրէ՝ «2023 թուականն Արցախը դիմաւորեց շրջափակման մէջ», «Աշխարհի բազմաթիւ երկրներ ու միջազգային կազմակերպութիւններ դատապարտում են Ատրպէյճանի գործողութիւնները եւ կոչ անում վերացնել շրջափակումը»: Կացութիւնը հետզհետէ առաւել կը վատթարանայ երբ՝ «Շրջափակումից չորս ամիս անց, Պաքուն Լաչինի միջանցքում անցակէտ է տեղադրել՝ փակելով Արցախը Հայաստանին կապող Հակարիի կամուրջը» եւ Կարմիր Խաչի ու խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ տեղափոխուող բուժառուներուն ազերիները անուն առ անուն կը ստուգեն, կը հարցաքննեն: 15 Յունիսէն 19 Սեպտեմբեր զարգացումները կ’ընթանան գահավէժ կերպով՝ երբ չկայ վառելանիւթ, չկայ տարրական սնունդ՝ ալիւր, հաց, չկան դեղեր եւ կենցաղային անհրաժեշտ նիւթեր: «Լիակատար շրջափակուած Արցախում սովամահութեան դէպք է արձանագրուել». կը հաստատուի կտրօններու դրութիւն. «Օրերը գնալով ծանրանում են», «Շրջափակուած Արցախում ծնուել է 1100 երեխայ»: Այնուհետեւ՝ 19 Սեպտեմբերին «որպէս վերջաբան 282 օրուան ծանր պաշարումի, Ատրպէյճանը դիմեց լայնածաւալ ռազմական գործողութեան: Էլի պատերազմ է Արցախ աշխարհում, վերջին երեսուն տարուան մէջ՝ չորրորդը»: Ապա կը նկարագրէ պատերազմին արհաւիրքը, արցախահայութեան մարդկային կորուստները, միջազգային հանրութեան վաղուց կորսնցուցած արժանապատուութիւնը, «Բայց հազարամեայ ԵՐԿԻՐԸ մատուցուեց թշնամուն… Հնամեայ ԵՐԿՐԻ չպարտուած բնակիչը ստիպուած թողեց իր նախնիների շինած տունը, տաճարը, ամրոցը, եկեղեցին ու վանքը… թողեց՝ իր հետ վերցնելով միայն վերադարձի հաւատը…»: Վերջին պատերազմը կը տեւէ մէկ օր: Հեղինակը կը յիշէ՝ «Թշնամին արդէն մեր տան վերեւի բարձունքներում էր, ինքնաձիգի կրակոցների ձայները մեր տուն էին հասնում: Վերջին հնդկաձաւարն ու բրինձն էի եփում: Մերոնք քաղցած են…»:

Այնուհետեւ զինադադար, բանակցութիւններ, Արցախի հայաթափման սադայէլական ծրագիր՝ «Արցախի հայաթափումը շարունակւում էր, երկրում քաոս էր, խուճապ»: Կը կարդանք Անիին արձանագրած սրտառուչ նկարագրութիւնը.  «…Շրջափակման օրերին յաճախ էի թերթում Եղեռնի ու գաղթի նկարներ եւ ինքս ինձ սաստում ու մխիթարում՝ սա 21-րդ դարն է… Հակարիի կամուրջն անցանք 29 ժամում, այն ճանապարհը, որն անցնում էինք ընդամէնը 1 ժամում: Ես տեսայ դժոխքի գոյնը… Ես տեսայ գաղթի ճանապարհը»: Կը պատահի նաեւ վառելանիւթի կայանին պայթումը, աղէտ մը եւս՝ մի քանի հարիւր զոհերով եւ վիրաւորներով: Անկէ ետք՝ Սեպտեմբեր 27-ի առաւօտեան կը հասնին Հայաստան՝ Գորիս քաղաք: Կը տեղափոխուին տունէ տուն «Անցել են ամիսներ: Տնից տուն ենք տեղափոխւում, հերթով բանալիներ ենք փոխում: Ու ամէն անգամ նայում եմ տուն կանչող իմ բանալուն: Իսկ մեզ, ընդամէնը 320 քիլոմեթր ու 5 ժամ է իրարից բաժանում…»:

Հատորին մէջ կան հեղինակին կողմէ այդ օրերէն առնուած տպաւորիչ լուսանկարներ: Գիրքը լոյս տեսած է 2024-ին, Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեաններու մեկենասութեամբ:

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԻՐԱՔԷՆ ՔՍԱՆ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՆՈՒԷՐ

Next Post

ՆԵՐՍԸ՝ ԱՆՃԱՐ, ԴՈՒՐՍԸ՝ ՀԱՆՃԱՐ

Next Post

ՆԵՐՍԸ՝ ԱՆՃԱՐ, ԴՈՒՐՍԸ՝ ՀԱՆՃԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.