Հանրապետւթեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Մոհամմատ Սուտանիի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Լիբանանին 20 միլիոն տոլար տրամադրելու որոշումին համար: Աունի համաձայն, այս նպաստը կը վերահաստատէ Պէյրութ-Պաղտատ խոր յարաբերութիւնները, բացայայտելու երկու ժողովուրդները իրար կապող ամուր կապերը: