Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ին, պէյրութցիները եւս ուղղուեցան քուէակեդրոններ՝ կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը եւ ընտրելու մայրաքաղաքի քաղաքապետական խորհուրդն ու համապատասխան թաղապետները: Սա պարզապէս քուէարկութիւն չէր, այլ իրերայաջորդ ճգնաժամեր ապրած քաղաքացիներուն կենցաղային տարրական իրաւունքներն ու պահանջները բարձրաձայնելու հնարաւորութիւն եւ պէյրութցիներուն միասնական կամքը վերահաստատելու առիթ:
Պէյրութահայութիւնը, ինչպէս միշտ, չզլացաւ իր պարտականութենէն եւ կանուխ ուղղուեցաւ ընտրակեդրոններ՝ զօրակցելու ինչպէս հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, այնպէս ալ մայրաքաղաքին մէջ գործող քաղաքական գլխաւոր բոլոր ուժերը մէկտեղող «Պէյրութը մեզ կը համախմբէ» քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրացանկներուն: Ճիշդ է, թէ որոշակի թերութիւններու պատճառով խախտուեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասար բաժնեկցութեան սկզբունքը, սակայն ակնյայտ է, որ պէյրութցիները նախընտրեցին համախմբուածութիւնը՝ մերժելով կրկնել Թրիփոլիի օրինակը կամ ջուր մատակարարել մայրաքաղաքը մասնատել փորձողներուն:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը կ’ողջունէ հնչակեան հաւատաւոր շարքն ու համակիրները, որոնք անսացին կանչին եւ խուռներամ շարքերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն, իրենց ներդրումը ունենալով համախոհական ցանկերու գրեթէ ամբողջական յաջողութեան: Հնչակեան կուսակցութիւնը կը շեշտէ կարեւորութիւնը ՀՅԴ-ՌԱԿ-ՍԴՀԿ միասնականութեան, որմէ յառաջացած ցանկերը առանց որեւէ խախտումի ժողովուրդին կողմէ հասան սնտուկներ, հաստատելով հայութեան միասնական կամքը։
Կը շնորհաւորենք տիարք Յովհաննէս Պչաքճեանը, Արմէն Սէֆէրեանը եւ ընտրուած քաղաքապետական ու թաղապետական բոլոր անձերը, ինչպէս նաեւ Սին էլ Ֆիլի մէջ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ՝ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գարոլին Խաչիկեանը ու թաղապետ Անտրէ Թաւուքճեանը, մաղթելով որ նորընտիր խորհուրդներն ու անձերը պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրերէն խուսափին տարակարծութիւններէն, այլ լուրջ աշխատանք տանին լուծելու քաղաքացիները հիւծող բազում խնդիրները՝ կենցաղային աւելի լաւ միջավայր ստեղծելով բոլոր լիբանանցիներուն՝ մանաւանդ հայ համայնքի զաւակներուն։
ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին