Անգարայի մէջ կազմակերպուեցաւ «Վերադարձ արեւմտեան Ատրպէյճան՝ որպէս մարդկային իրաւունքներու գերակայութեան կարեւոր պայման» միջազգային համաժողովը, որ կը խօսէր Հայաստանի հարաւային հատուածին մասին, որ Պաքու կը համարէ սեփական տարածք: Ժողովականներուն առջեւ ուղերձով հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Սն պնդեց, թէ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» մէջ երեք անգամ տեղի ունեցած են ցեղային զտումներ, որոնց հետեւանքով այնտեղ ոեւէ ատրպէյճանցի չէ մնացած, իսկ Ատրպէյճանի հիմնական մասը բաժնուած է Նախիջեւանէն: Ըստ Ալիեւին, «Զանգեզուրը Ատրպէյճանէն խլուած եւ Հայաստանին յանձնուած է 1920-ին»: Նախագահը այս առումով շարք մը պայմաններ փոխանցեց Հայստանին, պահանջելով «վերջ տալ հարեւան պետութիւններուն նկատմամբ տարածքային պահանջներուն, վերականգնել ատրպէյճանական մշակութային ժառանգութիւնը եւ յստակօրէն յայտարարել, թէ երբ եւ ինչ պայմաններով ատրպէյճանցիները պիտի վերադառնան իրենց հողերը», պահանջեց Ալիեւ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ հայ-ատրպէյճանական մնայուն խաղաղութեան հաստատումը պիտի նպաստէ Կովկասի եւ թրքական աշխարհին մէջ կայունութեան հաստատումին: «Վստահ եմ, որ իմ եղբայր Իլհամ Ալիեւը խաղաղութիւն կը բերէ տարածաշրջան», վստահեցուց Էրտողան: Անոր համաձայն, Ղարաբաղի ողբերգութիւնը կը յիշեցնէ սեփական սահմանէն դուրս մտածելու անհրաժեշտութեան մասին: